2011-08-23 13:57:16

Հնդկաստանի Օրիսա Նահանգին Մէջ Քրիստոնեաներու Դէմ Մղուած Հալածանքը Կը Շարունակուի։


Հնդկաստանի Օրիսա նահանգի քրիստոնեաները 24 օգոստոսին միատեղ կը ժողովին աղօթելու եւ ոգեկոչելու իրենց նահատակներու 3րդ տարելիցը։ Այս թեմի պատասխանատուներու համաձայն, հաւաքին նպատակն է բարձրաձայն բողոքել այդ շրջանի քրիստոնեաներու դէմ կատարւող անարդարութիւնները եւ հրաւիրել Հնդկաստանի դաշնակցային կառավարութեան ուշադրութիւնը այդ ողբերգական իրավիճակին։ ֆիտես լրատու գործակալութեան համաձայն Օրիսայի տեղական կառավարութիւնը կը շարունակէ բացայայտօրէն դրժել քրիստոնեաներու կրօնական ազատութիւնը, արգիլելով եկեղեցիներու վերակառուցումը նաեւ ազատ արձակելով քրիստոնեաներու ջարդին պատասխանատուները։








All the contents on this site are copyrighted ©.