2011-08-23 13:56:10

Երիտասարդութեան Համաշխարհային 27-րդ Օրը Տեղի Պիտի Ունենայ Րիօ Տէ Ժաներօ Քաղաքին մէջ 2013-ին։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կը Յուսայ Մասնակցիլ Այդ Օրուան։
Երիտասարդութեան համաշխարհային 27-րդ օրը, տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի Րիօ տէ Ժանեյրօ քաղաքին մէջ 2013-ին, յայտարարած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եզրափակելով Մատրիտի Երիտասարդութեան համաշխարհային 26-րդ օրը։
84-ամեայ Քահանայապետը յոյս յայտնած է պրազելցիներուն, մասնակցիլ այդ Օրուան։ Այս յայտարարութիւնը կատարելով, Սրբազան Հայրը, Ամենակալէն խնդրեց, որ օգնութեան հասնի կազմակերպիչներուն ինչպէս նաեւ հարթէ ճանապարհը աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն որպէսզի կարենան մեծ թիւով իրենց մասնակցութիւնը բերել։
2013ի JMJ-ին հաւանաբար կազմակերպուի յուլիս ամսոյն մէջ։ Պրազիլը, աշխարհի վրայ, կաթողիկէներու ամենամեծ երկիրն է, այսինքն Պրազիլի կաթողիկէները կը հաշուեն 125 միլիոն, որոնք կը ներկայացնեն բնակչութեան 80 տոկոսը։ Ասիկա երկրորդ անգամն է որ JMJ կը կատարուի Հարաւային Ամերիկայի մէջ, նախորդը տեղի ունեցաւ Արխենթինայի Պուենոս Այրես մայրաքաղաքը 1987-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.