2011-08-21 11:51:49

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը


<<համայն աշխարհի ծանօթացուցէք Քրիստոսի անհուն սէրը. Ան կ՜ուզէ որ դուք ըլլաք 21րդ դարու առաքեալները եւ ուրախութեան բանբերները>>։

Մատրիտեան Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ եզրափակիչ Սուրբ պատարագի աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայաապետը Մատրիտի Գուաթրօ Վէնթոս օթակայաանի տարածքէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։ Աղօթքէն առաջ Սրբազան հայրը հոն համախմբուած երիտասարդներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ։

Սիրելի բարեկամներ,
այժմ կը վերադառնաք ձեր բնակավայրերը։ Ձեր բարեկամբերը պիտի ուզենան իմանալ թէ ինչ տպաւորութիւն ձգեց ձեր վրայ այս մատրիտեան փորձարութիւնը որ ապրեցաք Սրբազան Քահանայապետի ու բիւրըաւոր երիտասարդներու հետ միասին։ Ի՞նչ պիտի պատասխանէք արդեօք։ Ձեզ կը հրաւիրեամ ուրիշներու առջեւ ըլլալու քրիտոնէութեան քաջ վկաները որ ձեր կարքին ըլլաք ուրիշ քրիստոնեաներու թթխմորը ու այնպէս ընէք որ եկեղեցին վերածնի շատերու սրտերուն մէջ։
Երբ վերադարնաք ձեր բնակարանները ձեր բարեկամներուն փոխանձեցէք իմ ողջոյնը նա մանաւանդ դժբախտներուն ինչպէս նաեւ ձեր ընտանեկան պարագաներուն եւ ձեր քրիստոնեայ միջավայրին։
Կը խոստովանիմ որ շատ զգացուած եմ այնքան մեծ թիւով եպիսկոպոսներու ու քահանաներու ներկայութեամբ։ Բոլորին իմ սրտաքին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ու միաժամանակ կը քաջալերեմ զիրենք շարունակելու իրենց հովուական առաքելութիւնը ի սպաս երիտասարդութեան` նուիրումով ու ոգեւորութեամբ։

Համայն աշխարհի երիտասարդութիւնը ու մանաւանդ ձեզ` սիրելի բարեկամներ` կը յանձնեմ Տիրամօր մայրական հովանիին։ Մարիամ երիտասարդներու մայրը` նոր աւետարանութեան Աստղը, որուն կը դիմենք Աստուծոյ հրեշտակի նոյն խօսքերով. Ոռջոյն Քեզ։

Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Գուաթրօ Վենթոս օթակայանի անձնակազմին ու ապա յիշատակեց 3 տարի առաջ Պարայաս օդակայանի մէջ պատահած արկածը ու իր մօտիկութիւնը յայտնեց անոր պատճառած զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը յայտարարեց որ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ յաաջորդ ժամկէտը տեղի պիտի ունենայ 2013ին Պրազիլի Րիօ Տէ Ժանէյրօյի մէջ ու այս ուղղութեամբ հայցեց Աստուծոյ օրհնութիւնը ներկաներուն վրայ ։
Ու մինջ Սպանացի երիտասարդները Պրազիլի երիտասարդներուն կը փոխանցեն ՃՄՃի խաչը -ըսաւ սրբազան հայրը եզրաբակելով իր խօսքը - ձեցի կը յանձնեմ մեծ պարտականութիւն մը <<համայն աշխարհի ծանօթացուցէք Քրիստոսի անհուն սէրը. Ան կ՜ուզէ որ դուք ըլլաք 21րդ դարու առաքեալները եւ ուրախութեան բանբերները։








All the contents on this site are copyrighted ©.