2011-08-20 12:10:24

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Հանդիպումը Երիտասարդ Կրօնաւորուհիներուն Հետ։


Նորին Սրբութիւնը Զանոնք Քաջալերեց որ Լիովին Ապրին Աւետարանական Պատգամը։
Ուրբաթ օրը առաւօտեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ նոր սերունդի աւելի քան 2000 կրօնաւորուհիներուն հետ զանոնք քաջալերելով ապրիլ աւետարանական պատգամին համաձայն հակազդելու յարաբերականութեան ու միջակութեան։
Քրիստոսի հետ ձեր անհատական հանդիպումը հարկաւոր է ամպրապնդելու համար ձեր ուխտն ու նուիրումը, ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ միաժամանակ մատնանշեց թէ ներկայ աշխարհը մոռցած է Աստուած, կերպով մը իր յիշողութիւնը կորսնցուցած ու կը մերժէ քրիստոնէութիւնը ու հաւատքի գանձերը ի գին իր ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգով։
Յարաբերականութեան ու միջակութեան ի տես, յարեց Նորին Սրբութիւնը, հարկաւոր է որ դուք ձեր նուիրումի վկայութեամբ ցոլացնէք Աստուծոյ սէրը մարդկութեան հանդէպ։ Հուսկ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց զանոնք որ եկեղեցւոյ հետ որդիական հաղորդութեան մէջ մնան։








All the contents on this site are copyrighted ©.