2011-08-20 12:17:11

JMJ 2011 Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրուայ Զինանշանը


2011 Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրուայ Զինանշանը գործն է Խօսէ Ժիլ Նոկէս արուեստագէտին։ Զինանշանը ըստ Ժիլ Նոկէսի յայտարարութեան կը խորհրդանշէ ու կը ներկայացնէ <<համայն աշխարհի երիտասարդները ձեռք ձեռքի տուած ու համախմբուած Քահանայապետին հետ, խաչին ոտքը, իրենց հաւատքը դաւանելու։ Այս նկարը կը կազմէ Մատրիտի Պաշտպան Սրբուհի Ալմուտէնա Սուրբ Կոյսի Թագը, որուն մէջ Ժիլ Նոկէսը աւելցուցած է լատիներէն Մ գիրը որ Մարիամի եւ Մատրիտի առաջին գիրն է։ Թագին վրայ զետեղուած է խաչը՝ Քրիստոնէութեան նշանը, որ կը մատնանշէ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ խորագիրը «Արմատացած Քրիստոսի մէջ եւ հաստատ հաւատքով» ։Զինանշանի պատգամը այն է որ երիտասարդութեան համաշխարհային այս օրերը աւետարանումի առիթ են։ Սուրբ Կոյս մարիամը` Աստուածամայր ու համայն մարդկութեան մայրը, դէպի քրիստոս առաջնորդող արագ ու ապահով ճանապարհ մըն է։ Երիտասարդները Մարիամի հլու հաւատքի մէջ կը տեսնեն տիպարն ու օրինակը քալելու դէպի քրիստոս ու իրականացնելու երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կէտնպատակը այն է՝ Համայն աշխարհի ճանչցնել Քրիստոսի Պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.