2011-08-19 12:52:43

Սուրիոյ Նախագահէն Կը Պահանջուի Իշխանութենէն Հեռանալ։


Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Պարաք Օպամա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն պահանջեց «իշխանութենէն հեռանալ» եւ Դամասկոսի վրայ հաստատեց նոր եւ խիստ պատժամիջոցներ, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներու մէջ սուրիական դրամատնային պահեստներու սառեցումը եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ներդրումներու արգիլումը: Յաւելեալ սուրիական ընկերութիւններ ներառուեցան ամերիկեան սեւ ցանկին վրայ: Անոնց շարքին է քարիւղի պետական ընկերութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր կարգին յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը բողոքի ցոյցերուն ի պատասխան վստահեցուցած էր որ Սուրիա դէպի ժողովրդավարութիւն փոխանցումին սկսած է: Եւրոպական Միութիւնը, ու նաեւ Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Բրիտանիա իրենց կարգին միացեալ յայտարարութեամբ մը Ասատէն պահանջեցին հեռանալ իշխանութենէն։ Զուիցերիա պւ նաեւ արաբական հինգ պետութիւններ` Քաթար, Սէուտական Արաբիա, Պահրէյն, Քուէյթ եւ Թիւնիզի Դամասկոսի մէջ իրենց դեսպանները տուն կանչած են:
ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց բարձրագոյն յանձնախումբը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց հարցը փոխանցել Քրէական միջազգային դատարանին:
Կը նախատեսուի, որ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբը երկուշաբթի օր Սուրիոյ շուրջ յատուկ նիստ մը գումարէ:
Մինչ այդ, Սուրիոյ նախագահը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին նշած է, որ սուրիացի զինուորականներն ու ոստիկանները աւարտած են բոլոր զինուորական գործողութիւնները:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նմանցնելով Սուրիոյ մէջ կացութիւնը Լիպիոյ կացութեան, ըսաւ որ եթէ զինուորական գործողութիւնները չդադրին Թուրքիա դրացի այդ երկրին մէջ իր խօսքը պիտի ունենայ:
Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահը չորեքշաբթի օր Պաաս կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիա «ուժեղ եւ դիմադրող պիտի մնայ, եւ չէ հրաժարած եւ պիտի չհրաժարի իր արժանապատուութենէն եւ գերիշխանութենէն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.