2011-08-19 10:51:14

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։


Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ 1931 - 2011 ամէն շաբաթ մեր ունկնդիրներուն կը ներակայացնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի 44 լեզուներով սփռուող յատագիրներէն մէկը։ Այսօր կը խօսինք Արաբական Յայտագրի մասին։

Ռատիովատիկանի արաբական յայտագիրը սկիզբ առած է 1949 ին եւ մինչեւ 1953 - 1954ը հաղորդումները շաբաթական էին։
Յայտագրի առաջին խմբագիրը եղած է առաքելական դեսպան գերապայծառ Փօլ Թապէթ ապա անոր յաջորդեցին գերապայծառ Էտմոնտ ֆարհաթ` եւ մինչեւ 1971, գերապայծառ Մունկէտ Ալ Հաշէմ։ Այս թուականէն սկսեալ արաբական յայտագրի պատասխանատուութիւնը յանձնուեցաւ Սուրբ Կոյս Մարիամի անուան Մարոնիթ միաբանութեան։ Այդ շրջանին է որ ներկայ Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Էլ Րային ստանձնեց յայտագրի պատասխանատութիւնը։ Արաբական յայտագիրը այսօր ունի չորս լրագրողներ։ Օրական 27 վայրկեան տեւողութեամբ յայտագիր մը կը սփռուի միջին արեւելքի համար, եւ 19 վայրկեան տեւողութեամբ ուրիշ յայտագիր մըն ալ հիւսիսային Ափրիկէի համար։ Արաբական բաժնի յատագիրները կը նախատեսեն Քահանայապետին ուսուցումները, տիեզերական եկեղեցւոյ լուրերը ու յատկապէս Միջին Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի լուրերն ու անցուդարձերը ըլլայ ընկերա-քաղաքային ըլլայ արաբական աշխարհի վերաբերող իրողութիւններ։ Յայտագիրներու օրակարգին մաս կը կազմեն նաեւ՝ համամիութենական ու այլ կրօններու հետ երկխօսութեան նիւթեր։ Իսլամ աշխարհին հետ երկխօսութիւնը արաբական յայտագրի առաջնահերթ նիւթերէն մին կը հանդիսանայ։
Կրօնական մոլեռանդութեան ու ծայրայեղութեան տարածումին ի տես, յատկապէս միջին արեւելքի շրջանէն ներս, Ռատիովատիկանի արաբական յայտագիրը կը գտնուի դժուար մարտահրաւէրի դիմաց ուր կարիքը կայ տարածելու աւետարանի ուսուցումները կրօնական աւանդութեամբ ու քաղաքակրթութեամբ հարուստ շրջանի մը մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.