2011-08-19 10:08:20

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Մատրիտի Առաքելական Ճամբորդութեան Յայտագիրը- Երկրորդ Օր։


Օգոստոս 18-21 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը գտնուի Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ, գլխաւորելու՝ Երիտասարդութեան համաշխարհային 26րդ օրուան հանդիսութիւնները։
Այսօր Ուրբաթ 19 օգոստոսին, Սրբազան Քահանայապետը փրոթոգոլային այցելութիւն կատարեց Սպանիոյ Թագաւորին։ Առաւօտեան ժամը 10ին Պենետիկտոս ԺԶ իր շքախումբով ժամանեց Զարզուէլայի Թագաւորական պալատը ուր զինք ընդունեցին Խուան Գարլոս Թագաւորը եւ Սոֆիա Թագութին։ Թագաւորական ընտանիքի ներկայացումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը առանձնական հանդիպում ունեցաւ Թագաւորին ու Թագուհիին հետ որուն յաջորդեց նուէրներու փոխանակում։
Խուան Գարլոս Ա. Սպանիոյ Թագաւորը ծնած է Հռոմ 5 յունուար 1938-ին։ Սպանիոյ Թագաւոր հռչակուած է 22 նոյեմբեր 1975ին։ Ամուսնացած է Յունաստանի Սոֆիա իշխանուհիին հետ եւ ունին երեք զաւակներ՝ Էլէնա` Քրիստինա ու գահաժառանգ Ասթուրներու իշխան ֆիլիփը։ Խուան Գարլոս թագաւորը, վերջին անգամ Պենետիկտոս ԺԶ Քայանապաետին հանդիպած էր 2010 նոյեմբեր 7ին Պարչելլոնայի մէջ <<Սակրատա ֆամիլիայի>> Տաճարին օծման առթիւ։
Փրոթոգոլային այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայպետը իքնաշարժով տեղափոխուեցաւ Էլ Էսքորել Վանք ուր հանդիպում ունեցաւ երիտասարդ կրօնաւորուհիիներուն հետ։ Նշենք որ Էլ Էսքորեալ Վանքը հիմնուած է Փիլիպպոս Բ.ի օրով 1563 - 1594 թուականներուն։ 2000 սենեակէ բաղկացած այս վանքը 1984 Ունէսքոյի կողմէ հռչակուեցաւ <<մարդկութեան ժառանգ>>։
Սան Լորէնցօ պազիլիքայի մէջ , ժամը 12ին Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Համալսարանական երիտասարդ դասատուներու հետ որոնք 12 -14 օգոստոս Սպանիայի մէջ մասնակցած էին Կաթողիկէ Համալսարաններու միջազգային Համաժողովին։ Այս հանդիպումէն ետք ժամը 13ին Սրբազան Քահանայապետը վերադարձաւ առաքելական դեսպանատուն ուր Կարտինալ Րուլքոյի եւ 12 երիտասարդներու հետ սիրոյ սեղանի մասնակցեցաւ։12 երիտասարդները հինգ ցամաքամասեր ներկայացնող զոյգեր են ու մէկ մանչ ու մէկ աղջիկ նաեւ Սպանիայէն։
Յետ միջօրէին՝ ժամը 17.30-ին, Սրբազան Քահանայապետը առաքելական դեսպանատան մէջ առանձնական հադիպում ունեցաւ Կառավարութեան Վարչապետ Խօսէ Լուիս Րոտրիկէս Ծաբաթերոյի հետ, որմէ ետք ժամը 19ին սրբազան հայրը կը մեկնի դէպի Plaza de Cibeles ուր երիտասարդներու հետ միասին պիտի կատարէ <<Ճանապարհ Խաչի>> արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.