2011-08-19 12:57:44

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Քարոզը Երիտասարդներու Ընդունելութեան Արարողութեան ընթացքին


<<Ձեր կեանքը հիմնեցէք ամուր ժայռի վրայ. ոչ միայն ձեր կեանքը ամուր ու կայուն պիտի ըլլայ այլ եւ պիտի ցոլացնէք ձեր հաւատքը ուրիշներուն>>

Սիրեցեալ բարեկամ երիտասարդներ,
Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է ձեզի հետ հանդիպիլ հոս, Մատրիտի այս գեղեցիկ քաղաքին մէջ, որուն բանալին քաղաքապետը ազնուութիւնը ունեցաւ ինծի յանձնելու։ Մատրիտը այսօր մայրաքաղաքը հանդիսացած է աշխարհի երիտասարդներու ու Եկեղեցին իր աչքերը անոր կ'ուղղէ։ Տէրը մեզ հոս համախմբեց միասնաբար ապրելու եւ տօնախմբելու երիտասարդութեան համաշխարհային օրը։ Ձեր ներկայութեամբ ու ծիսակատարութեան մասնակցութեամբ Քրիստոսի անունը պիտի արձագանգէ այս քաղաքի ամէն մէկ անկիւնը։ Աղօթենք որպէսզի Յիսուսի պատգամը` սիրոյ ու յոյսի, հասնի բոլոր անոնց որոնք չեն հաւատար կամ հեռացած են Եկեղեցիէն։ Մեծապէս երախտապարտ եմ ինծի վերապահած հիւրընկալութեան համար, մինչ Մատրիտ կը մտնէի. ասիկա ապացոյց մըն է ձեր ունեցած սիրոյն հանդէպ Ս. Պետրոսի յաջորդին ։ Հոս յատուկէն կ'ուզեմ ողջունել կարտինալ Ռիքօ-ն՝ պատասխանատուն աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդին, նոյնպէս կ'ողջունեմ անոր բոլոր գործակիցները եւ միաժամանակ գնահատանքի ու սիրոյ խօսք մը կ'ուզեմ ուղղել կարտինալ Ռուոքօ Վարելայի` առաջնորդը Մատրիտ թեմին, ինծի ուղղած սիրալիր խօսքերուն համար։ Շնորհակալութիւն նաեւ Սպանիոյ բոլոր թեմերուն որոնք մեծ վեհանձնութեամբ նուիրուեցան լաւագոյնս պատրաստելու Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը։ Հուսկ սիրով կ'ողջունեմ, յանուն Յիսուսի, ձեզ ամէնքդ եւ անգամ մը եւս կը կրկնեմ. ՜՜ ինչպիսի երջանկութիւն է ինծի համար ձեր մէջ գտնուիլ։ Թող Քրիստոսի սիրոյ կրակը բնաւ չմարի ձեր սրտին մէջ։՝՝
Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ընդգծեց հարկաւորութիւնը անսալու եւ գործադրելու Յիսուսի խօսքը, Անոր նմանելու համար։ Յիսուս միայն կը ճանչայ մարդը եւ գիտէ ինչպէս առաջնորդել զինք դէպի Հայրը։ Սիրելիներ օգտուեցէք այս օրերէն լաւապէս ճանչնալու Քրիստոսը եւ ապահովութիւնը ունենալու, շնորհիւ ձեր եռանդին ու խանդավառութեան, հասնելու Հօր Աստուծոյ որ միշտ պատրաստ է օգնելու ու ներելու ձեր յանցանքները։ Ձեր կեանքը հիմնեցէք ամուր ժայռի վրայ. ոչ միայն ձեր կեանքը ամուր ու կայուն պիտի ըլլայ այլ եւ պիտի ցոլացնէք ձեր հաւատքը ուրիշներուն։ Տէրը կը բաղձայ վստահելի խօսակից մը ունենալ, մէկ մը որ ի վիճակի է երկխօսութիւն հաստատել Անոր հետ ու սիրել զԱյն։ Քրիստոսի մէջ մենք կարող ենք այդ իրագործել ու իրմով արմատացած կարող պիտի ըլլանք թեւեր տալու մեր ազատութեան։
Հուսկ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց երիտասարդները մերժելու գաղջութիւնը ու դիմելու սրբութեան հաստատելով սիրոյ քաղաքակրթութեան հարկաւորութիւնը եւ անվերապահօրէն մերժելու վիժումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.