2011-08-18 11:52:54

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Մատրիտի Առաքելական Ճամբորդութեան Յայտագիրը- Առաջին Օր։


Օգոստոս 18-21 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Մատրիտ, գլխաւորելու՝ Երիտասարդութեան համաշխարհային 26րդ օրուան հանդիսութիւնները։
Նորին Սրբութիւնը 18 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9.30 Հռոմի Չամբինօ օդակայանէն, ընկերակցութեամբ 30 հոգինոց շքախումբի եւ 50 լրագրողներու, սաւառնակով մեկնեցաւ դէպի Սպանիա ուր ժամանեց ժամը 12 ին Մատրիտի Պարայաս օդակայանը երկու ու կէս ժամ տեւողութեամբ թռիչքէ մը ետք ։ Պարայաս Օդակայանը մայրաքաղաքէն 12 քմ հեռու է եւ 1931-էն վեր Մատրիտի պաշտօնական օդակայանն է։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորեցին` սաւառնակի սանդուխներու ոտքին, Սպանիոյ Թագաւոր Խուան Գարլոս, անոր կողակիցը` Սոֆիա թագուհին ու Մատրիտի Արքեպիսկոպոս Անթոնիօ Մարիա Րուքօ Վարելան ինչպէս նաեւ պետական քաղաքական ու եկեղեցական այլ անձնաւորութիւններ որոնք մասնակցեցան նաեւ Բարի գալուստի արարողութեան որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը` Թագաւոր Խուան Գարլոսի Ճառէն ետք իր կարգին ճառ մը արտասանեց ներկաներուն։
Բարի գալուստի արարողութեան աւարտին , Նորին Սրբութիւնը Սպանիոյ Թագաւորական ընտանիքի անդամներուն հետ առանձնական հակիրճ հանդիպումէ մը ետք, <<Քահանայապետական Կառքով>> ուղղուեցաւ դէպի Առաքելական Դեսպանատունը որ օթակայանէն 20 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ ուր ժամանեց ժամը 13.30ին։
Պենետիկտոս ԺԶ.ի այս ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Քահանայապետի մը ութերորդ այցելութիւնը Սպանիոյ Պետութեան։ ՅՊԲ երջանկայիշատակ Քահանայապետը Սպանիան այցելած էր 5 անգամ 2003,1993,1989,1984 եւ 1982 մինչ Պենետիկտոս ԺԶ. 2006ին այցելեց Վալենսեան եւ 2010 Սանթիակօ Տէ Գոմբոսթելլան ու Պարչելլոնան ու այժմ կը ժամանէ Մատրիտ եզրափակելու՝ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը, որ իրեն համար երրորդը կը հանդիսանայ Գերմանիայէն (2005ին) եւ Աւստրալիայէն (2008ին) ետք։
Յետ միջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ առաքելական դեսպանատունէն կը մեկնի դէպի Մատրիտի Plaza de Cibeles հրապարակը ուր կը հասնի ժամը 19.15ին եւ ուր զինք պիտի դիմաւորէ Մատրիտի Քաղաքապետ Տիար Ալպերթօ Րույզ Կալլարտոն ապա Նորին Սրբութիւնը 5 ցամաքամասերը ներկայացնող երիտասարդներու եւ Կարտինալ Վարելայի ընկերակցութեամբ՝ անցնելէ ետք Puerta de Alcala կամարին տակ, մուտք կը գործէ Սիբելես կոչուած հրապարակը, սկիզբ տալով՝ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան հանդիսութեանց, եւ որուն ընթացքին նախատեսուած է Սուրբ Գրային ընթերցում, հոգեւոր երգեցողութիւն, Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Րուքօ Վարելայի Բարի Գալուստի Ճառը, 5 ցամաքամասերը ներկայացնող երիտասարդներու խօսքը ու ապա Սրբազան Հօր Ճառը ու առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.