Աղթամարի Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարուան պատարագը տեղի պիտի ունենայ 11 Սեպտեմբերին:
Այսպէս յայտարարած է Վանի մէջ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդը՝ Արամ արք. Աթէշեան
«Տողան» գործակալութեան։ Արամ Աթէշեան յոյս յայտնած է, որ պատարագի արարողութիւնը պիտի
անցնի հանգիստ պայմաններու մէջ եւ առանց որեւէ խնդիրի: «Անցեալ տարի որոշ բողոքներ
եղան այն պատճառով, որ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը տեղադրուած չէր: Այս տարի խաչը տեղադրուած
է եւ որեւէ խնդիր չկայ: Յոյսով ենք, որ ամէն ինչ պիտի անցնի հանգիստ պայմաններու մէջ»,-
ըսած է Աթէշեան արքեպիսկոպոսը ` տեղեկացնելով նաեւ, որ պատարագին մասնակցելու համար որեւէ
պաշտօնական հրաւէր պիտի չըլլայ: Յիշեցնենք, որ Աղթամարի Սուրբ խաչ եկեղեցին թրքական
իշխանութիւններուն կողմէ վերանորոգուած է 2007ին: Միայն երեք տարի անց՝ պաշտօնական Անգարան
թոյլատրեց տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցել եկեղեցւոյ մէջ: Առաջին պատարագը մատուցուեցաւ
արքեպիսկոպոս Աթէշեանի ձեռամբ անցեալ տարուան 19 Սեպտեմբերին: Սակայն եկեղեցւոյ գմբէթին
խաչը տեղադրուեցաւ պատարագէն մօտ տասը օր անց: