2011-08-17 15:06:12

Վերափոխման Տօնին, ԱՄՆ-ի Առաջնորդը Միքայէլ Եպ. Մուրատեան Պատարագեց Այնճարի մէջ-Լիբանան։


Արհի. Միքայէլ եպս. Մուրատեան Այնճարի Վարդարանի Աստուածածնայ ժողովրդապետական եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 14 օգոստոսի առաւօտեան, պատարագեց, ուր նաեւ տեղի ունեցաւ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն։ Գերապայծառը իր խօսքին մէջ յայտնեց որ Աստուածածինը օրինակ էր Աբրահամի սերունդի հաւատքին եւ ժառանգորդն էր երկնքի արքայութեան։ Մեզի համար Մարիամ տիպարն է այս հաւատքին: Ան նաեւ ըսաւ որ հայերը ուր որ ալ գտնուած են, Վերափոխման տօնը մեծ շուքով տօնած են։
Նշենք, որ գերապայծառը կիրակի 21 օգոստոսին Զալքայի սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին իր պատգամը պիտի փոխանցէ ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.