2011-08-17 15:03:06

Սպանիա - 16 Օգոստոսին Սկիզբ Առաւ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը։


16-21 օգսոստոս Սպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի կ'ունենան երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը, ուր աւելի քան մէկ միլիոն երիտասարդ ուխտաւորներ, եկած՝ աշխարհի բոլոր վայրերէն ներեռեալ Մայր Հայրենիքէն` Հայաստանէն , միասնաբար տօնախմբելու երիտասարդութեան 26-րդ հաւաքը։
Այս առթիւ Մատրիտի սուրբ Յորենիմոս արքայական եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ'ունենայ մինչեւ օգոստոս 21 լուսապատկերներու ցուցադրութիւն մը նուիրուած ''Այսօրուայ հալածուած քրիստոնեաներուն'', ունենալով որպէս ենթատիտղոս. ''Ապրիլ իր հաւատքը, կարող է վտանգաւոր ըլլալ, կարգ մը երկիրներու մէջ''։ Հալածուած քրիստոնեաներու լուսանկարներու ցուցահանդէսը նախաձեռնութիւնն է ''Օգնութիւն հալածուած քրիստոնեաներու'' միջազգային կազմակերպութեան։ Ցուցահանդէսը կը պարզէ պատմութիւնը 15 նահատակներու սպաննուած իրենց հաւատքին համար վերջին 50-ամեակներուն։ Անիկա կը նկարագրէ հալածանքի երեք օրինակներ նկարագրուած աշխարհի մեծ մամուլին մէջ. Հնդկաստանի՝ Օրիսայի մէջ եւ Փաքիստանի՝ Կորէայի մէջ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած յարձակումներն ու սպաննութիւնները ինչպէս նաեւ Ալճերիոյ Թիպիրինի վանականներու սպաննութիւնը։
Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ''Լիակատար ներողութիւն'' շնորհեց Երիտասարդութեան համաշխարհային 26-րդ օրուան մասնակցող ուխտաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.