2011-08-17 15:07:01

Սուրիոյ Հայ Համայնքին Համար Կացութիւնը Կը Շարունակէ Հանդարտ Մնալ։


Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը իր աշխատանքը կը շարունակէ բնականոն ընթացքով այսպէս հաղորդած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը՝ Տիգրան Բալայեան «Փանարմինիըն.նեթ» լրատուական կայքէջի թղթակիցին աւելցնելով որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիոյ դէպքերէն վնաս կրած հայերու մասին որեւէ տեղեկութիւն չունի:
Սուրիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ ու Արաբ գրողներու միութեան անդամ՝ դոկտ. Նորա Արիսեան իր կարգին տեղեկացուցած է, որ իրադրութիւնը Դամասկոսի մէջ առանձնապէս փոխուած չէ եւ ամէն ինչ հանգիստ է: Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչպիսի՞ կացութեան մէջ կը գտնուին Լաթաքիոյ հայերը, ուրկէ նոր բախումներու մասին տեղեկութիւններ կը ստացուին, Արիսեանի համաձայն՝ այն թաղամասերուն մէջ, ուր հայեր կը բնակին, ամէն ինչ հանգիստ է եւ որեւէ բախումներ չկան: Լաթաքիոյ մէջ կը բնակին 8000-էն 10000 հայեր ըսած է Արիսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.