2011-08-17 14:58:39

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 17 օգոստոս 2011-ի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Վերափոխման տօնին լոյսին տակ կ`ապրինք տակաւին, որր որակած էի Յոյսի Տօն։ Տիրամայրը հասաւ երկինք հոն ուր կը ձգտինք հասնիլ նաեւ մենք։ Ամէն մարդ կարելիութիւն ունի երկինք երթալու։ Հարցը այն է թէ ինչպ՞էս։
Մարիամ հասաւ, եւ աւետարանի մէջ կը կարդանք <<անիկա հաւատաց թէ պիտի իրագործուին Տիրոջ կողմէ իրեն ըսուած խօսքերը>> ուրեմն Մարիամ հաւատաց եւ Տիրոջ վրայ վստահեցաւ։ Հաւատալ ու Աստուծոյ վրայ վստահիլ այս է ահա միջոցը երկինք երթալու։
Այսօր կ՜ուզեմ խօսքս կեդրոնացնել մտածականի վրայ( ըսաւ Սրբազան Հայրը) ։
Թէ ինչ կը նշանակէ մտածականը։ Մտածական ընել կը նշանակէ, յիշել ու խորհիլ այն բարիքներուն մասին զոր Աստուած մեզի պարգեւեց։ Մտածականը աղօթքի մէկ երեւոյթ մըն է որ սրտի ու մտքի աղօթք է։
Այս ուղղութեամբ Մարիամ տիպար մըն է մեզի համար։ Ղուկաս աւետարանիչը կը գրէ <<իսկ Մարիամ այս ամէնը կը պահէր իր սրտին մէջ եւ կը խորհրդածէր անոնց վրայ։>> Ան հաւատաց հրեշտակի աւետման եւ դարձաւ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ գործիք մը։ Մարիամ լռութեամբ շարունակեց իր սրտին մէջ պահել Յիսուսի կեանքի իրադարձութիւնները մինչեւ խաչն ու փառաւոր Յարութիւնը։ Մարիամ լիովին ապրեցաւ իր կեանքը ու կատարեց իր առօրեայ պարտականութիւնները, իր առաքելութիւնը ու միեւնոյն ժամանակ գիտցաւ լռութեան մէջ խորհրդածել իր որդւոյն կեանքի խորհուրդին ու Աստուծոյ կամքին մասին։

Մեր առօրեային մէջ հալածուած ենք բազմաթիւ զբաղումներով, մտահոգութիւններով ու խնդիրներով։ Յաճախ կը ջանանք ամէն ազատ պահերը լեցնել ու երբեք չենք մտածեր կանգ առնել, խորհրդածելու եւ սնուցանելու մեր հոգեւոր ու ներքին կեանքը, Աստուծոյ հետ մեր կապը։ Մարիամ մեզի կը սորվեցնէ թէ որքան կարեւոր է լռութեան ու ամփոփումի պահեր գտնել եւ խորհրդածել ՜՜Տիրոջ մեր կեանքէն ներս ներկայութեան՝՝ մասին։

Սիրելի բարեկամներ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Աստուծոյ ժամանակ յատկացնելը մեր հոգեւոր կեանքի աճումին կարեւոր մէկ մաս մըն է։ Ու մտածականը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ` սիրով ու վստահութեամբ յանձնուիլ Աստուծոյ, ու անոր կամքը կատարելով՝ ապրիլ երջանիկ։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յիշեցնելով թէ վաղը 18 օգոստոսին կը մեկնի Մատրիտ ուր ուրախութիւնը պիտի ունենայ հադիպելու հազարաւոր երիտասարդներուն որոնք Մատրիտ ժամանած են մասնակցելու՝ Երիտասարդութեան 26րդ համաշխարհային օրուայ տօնախմբութիւններուն։
Ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթքով ու հոգեպէս միանաք եկեղեցւոյ այս կարեւոր հաւաքին ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով հաւատացեալներուն աղօթքներուն համար, ու ներկաներուն ջամբեց իր Հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.