2011-08-17 15:06:47

«Հայ Մանուկին Մեծագոյն Դաստիարակն Ու Ուսուցիչը Հայ Մայրն Է՝՝ Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոսը։


Ս Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, շաբաթ, 13 օգոստոսի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ (Լիբանան) բացօթեայ զետեղուած խորանին վրայ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ` հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Սուրբ պատարագը մատուցեց Կոմիտաս արք. Օհանեան: Պիքֆայայի վանքի հիմնադրութենէն ի վեր ամէն տարի կատարուող այս ուխտագնացութիւնը տարուէ տարի հայ ժողովուրդին համար աւելի սրտագրաւ կը դառնայ, եւ ուխտաւորներ մեծ բազմութեամբ ներկայ կը գտնուին Սուրբ պատարագին եւ մատաղի ու խաղողի օրհնութեան: Ամէն տարուան աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս ժողովուրդը ի՛նք կատարեց պատարագի սրբազան երգեցողութիւնը:
«Հայր մեր»էն անմիջապէս առաջ, վեհափառին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի եւ մատաղօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, երբ երկրի բերքին ու ժողովուրդի ուխտերուն ընծան նուիրուեցաւ Աստուծոյ` յատուկ աղօթքներու ճամբով: Ապա վեհափառը տուաւ իր պատգամը ներկայ ժողովուրդին: Բազմութեան մէջ մեծ էր թիւը յատկապէս երիտասարդներուն, որոնք յատուկ կապուածութեամբ ու երկիւղածութեամբ մասնակից դարձան Ուխտի օրուան: Վեհափառը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ս. Մարիամ Աստուածածնի տիպարին, նախ Նոր Կտակարանին մէջ` աստուածաբանական առումով, իբրեւ մայր Աստուծոյ որդիին, եւ ապա իբրեւ աղբիւր բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու:
Ապա անդրադառնալով այս տարուան համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ հռչակուած «Հայ մանուկի տարուան», յատուկ կերպով ընդգծեց հայրապետական իր հռչակագիրին կարեւոր գլխակարգումները, որոնք կը վերաբերէին ընդհանրապէս հայ մանուկի դաստիարակութեան նուիրական աշխատանքին: Վեհափառը Աստուածամօր մայրութեան տիպարը վեր առնելով` անոր սէրը գովերգելով իր Որդւոյն` Յիսուսի նկատմամբ, զայն ուզեց տեսնել նաեւ հայ ծնողներուն մօտ: Անանձնական այդ սիրոյ իբրեւ արտայայտութիւն, վեհափառը ըսաւ, թէ հայ մանուկին խնամքը միայն հայ մայրը կրնայ ամբողջական հոգիով ու շունչով կատարել եւ ոչ թէ այն աղախինները, որոնք փոխան ամսավճարի, պարտադիր խնամք կը տանին տան մէջ եւ այլուր: Ի վերջոյ, «հայ մանուկին մեծագոյն դաստիարակը ո՛չ դասագիրքը եւ ո՛չ այլ հաստատութիւն է, այլ հայ մայրն է», ըսաւ վեհափառը: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ հայ մանուկին դաստիարակութիւնը միայն հայ մանուկի տարուան մէջ պէտք չէ սահմանափակել, այլ 365 օրուան սահմանէն անդին պէտք է տանիլ, եւ մեր կեանքի բոլոր օրերուն վրայ տարածել: Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ անդրադարձաւ ներկայ աշխարհին մէջ մանուկներու կրած տառապանքին ու ընկերային դժուարութիւններուն: Վեհափառը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ վտանգներէ հեռու է հայ մանուկը, սակայն պէտք է միշտ ուշադրութեան կեդրոն պահել զայն, որպէսզի ապահովուի հայ ազգի ապագան: «Ազգի մը ապագան կերտողը այսօրուան մանուկն է: Եթէ այսօրուան մանուկը ուղիղ ճամբու մէջ չդրուի, իր ազգի ապագան կը քանդէ», ըսաւ վեհափառը:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր աղօթքը բարձրացուց առ Ս. Կոյսն Մարիամ, որ բարեխօսէ իր Միածին Որդւոյն մօտ` վասն խաղաղութեան, սիրոյ, միութեան, համերաշխութեան ու բարօրութեան հայ ազգին: Մինչեւ ուշ գիշեր հաւատացեալներ մնացին վանքին մէջ եւ Ս. Կոյսի վերափոխման խորհուրդով զօրացած ու իրենց հաւատքին մէջ ամրապնդուած, վերադարձան իրենց տուները` իրենց հետ տանելով ուխտաւորի համեստ հոգին ու բարեգործութեան ազնիւ զգացումը:
Յայտնենք, որ օր մը առաջ ուխտաւորներու խումբը ներկայ գտնուեցաւ գիշերուան ժամը 8-ի հսկումի արարողութեան եւ գիշերեց վանքին մէջ` իբրեւ նախապատրաստութիւն յաջորդ օրուան: Իսկ ամբողջ օրուան ընթացքին, սկսեալ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր, տեղի ունեցան հայ եկեղեցւոյ եօթը ժամերգութիւնները:
Նոյն գիշեր, վեհափառը հայրապետական ամարանոցի դահլիճին մէջ ընդունեց բոլոր ուխտաւորները, որոնք Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն եկած էին:
Նշենք որ կիրակի, 14 օգոստոսին, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Վերափոխման տօնի Ս. պատարագը մատուցեց, քարոզեց եւ խաղողօրհնէք կատարեց Նարեկ արք. Ալեէմեզեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.