2011-08-16 14:06:24

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Sօնը Սուրբ Էջմիածնի Մէջ։


Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ 14 Օգոստոսին՝ Հայ եկեղեցին յիշատակեց Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը այս առթիւ Ս. Պատարագը մատուցեց Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան։ Ս Պատարագի ընթացքին Սրբազանը անդրադարձաւ տօնի խորհուրդին, ընտանիքի կնոջ դերի կարեւորութեան ու կնոջ առաքելութեան՝ Աստուածամօր կերպարի նմանութեամբ։
Յաւարտ Ս Պատարագին Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կատարեց Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի աղօթքի ընթերցումէն եւ հոգեզմայլ շարականներու երեցողութենէն ետք Վեհափառը օրհնեց խաղողն ու տարուայ բերքը։
Արարողութեան աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական իր օրհնութիւնը բաշխեց ներկայ ժողովուրդին, ապա անդրադարձաւ Տիրամօր վերափոխման խորհուրդին՝ իբրեւ լաւագոյն վկայութիւն ծնողասիրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.