2011-08-16 14:04:43

Երիտասարդական Օրեր Հայկական Եռագոյնով Լիբանանի Մէջ։


՜՜Արմատացած Քրիստոսի մէջ եւ հաստատ հաւատքով՝՝ Մատրիտ - Պէյրութ 2011
JMJ Madrid 2011-ի Պատրիարքական թեմի յատուկ յանձնախումբին եւ երիտասարդական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ թեմական մակարդակի վրայ երկու օրերու երիտասարդական ուխտագնացութիւն դէպի Ուատի Աննուպինի սրբավայրերը(Լիբանան), 20-21 օգոստոս 2011-ին: Մեկնումը պիտի ըլլայ Պէյրութէն: Երիտասարդները, որոնք կը կազմակերպեն այս ձեռնարկը, ըսած է Պէյրութի Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետը Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ծրագրած են երկար քայլարշաւներ, որոնք պիտի յատկանշեն Էմմաուսի աշակերտներուն ընթացքը, եւ հանդիպումը Յիսուսի դէմքին: Երիտասարդները որոնք չկրցան Մատրիտ երթալ զանազան պատճառներու համար (հիմնականը՝ նիւթական), պիտի փորձեն ապրիլ նոյն հաստատ հաւատքը, իրենց կեանքը արմատացած պահելով Քրիստոսի մէջ: Անոնք պիտի միանան ուղիղ համացանցային գիծով համաշխարհային երիտասարդական օրուան հանդիսութիւններուն Մատրիտի մէջ, եւ նոյն ժամերուն իրենք ալ աղօթքի պահեր պիտի ունենան: Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան ապագան հանդիսացող երիտասարդ երիտասարդուհիներուն կը մաղթենք յաջողութիւն որպէսզի աղօթքով ու կեանքի օրինակով միշտ կապուած մնան Քրիստոսի ու անոր աւետարանին։







All the contents on this site are copyrighted ©.