2011-08-16 14:06:55

Արհի. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան Առաջնորդը ԱՄՆ.ի Ու Գանատայի Կաթողիկէ Հայոց Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն։


Արհիապատիւ Միքայէլ եպս. Մուրատեանը, որ Հայաստանի առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Ռաֆայէլ արք Մինասեանի գահակալութեան առթիւ Երեւան ժամանած էր, իր կեցութեան ընթացքին, Լիբանանի հայ կաթողիկէ պատուիրակութեան անդամներէն պրն. Սարգիս Նաճարեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար տիկ. Հրանուշ Յակոբեանին հետ։
Հանդիպման ընթացքին, Մուրատեան եպիսկոպոսը պարզեց Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմին իր նոր առաքելութեան մասին։
Նախարար Յակոբեան շնորհաւորեց նոր առաջնորդը եւ բարձր գնահատեց հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը հայկական իրականութեան մէջ։
Ներկաները քննարկեցին համագործակցութեան միջոցները կրթական ու մշակութային մարզէն ներս Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմին եւ Հայաստանի պետական կառոյցներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին զանազան հարցերու շուրջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.