2011-08-16 14:06:37

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը Զմմառու Մէջ ։


Լիբանան-Աստուածամօր վերափոխման տօնին առիթով, Զմմառու վանքին շրջափակէն ներս, Կիրակի 14 Օգոստոսին, Արհիապատիւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան օգնական եպիսկոպոսը Լիբանանի թեմին Վերափոխման տօնի Պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի խօսք արտասանեց. որուն մէջ գերապայծառը անդրադարձաւ Աստուածամօր մայրութեան եւ անոր խոնարհութեան ու ծառայութեան հոգիին: Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքը: Ապա հաւատացեալները շնորհաւորեցին պատարագիչ եպիսկոպոսն ու միաբան հայրերը: Սուրբ Պատարագի սպասաւորութիւնը կատարեցին Զմմառու վանքի նորընծաները: Իսկ երգեցողութիւնը կատարեց պատրիարքական Կռունկ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ պարոն Էտի Թորիկեանին: Յետմիջօրէին՝ ժամը 4-ին՝ տեղի ունեցաւ վարդարանի աղօթքը, ապա Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան օրհնեց հաւատացեալները Զմմառու Աստուածամօր պատկերով: Յիշենք նաեւ թէ՝ Շաբաթ օրը, երեկոյեան (միշտ Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան վանքին շրջափակէն ներս) դարձեալ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ արաբերէնով, զոր մատոյց Գերապատիւ Հ. Գաբրիէլ Վրդ. Մուրատեան՝ տեղապահը Զմմառու միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդին: Ներկայ էին Զմմառու գիւղապետը ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը: Ապա տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.