Անիի Մայր Տաճարը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Մշակութային Ժառանգութեան Թեկնածու։
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Կարսի նահանգային վարչութեան պետ
Հաքան Տողանայը «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին
յայտնած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուելու
թեկնածուներու շարքին ներկայացուած են նաեւ Անիի աւերակները: Նշելով, որ այդ հարցին
մէջ լուրջ աշխատանքներ կատարած են Թուրքիոյ իշխանութիւնները, Տողանայը ըսած է. «Որպէսզի
Անիի աւերակները կարենային դառնալ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան
թեկնածու, իշխանութիւնները կարեւոր աշխատանքներ կատարած են: Եւ եթէ Անին յայտնուի այդ
ցուցակին մէջ, անիկա տեղ պիտի գրաւէ նաեւ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան
կողմէ նկարահանուող ծանուցողական ժապաւէններուն մէջ: Ասիկա իր կարգին պիտի նպաստէ Կարսի
մէջ զբօսաշրջութեան աճին: Այսօրուան տուեալներով Անի այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը աճած
է 27 առ հարիւրով»: