2011-08-13 10:45:33

Տիրամօր Վերափոխման Տօնին Առթիւ Հանդիսաւոր Արարողութիւններ Փարիզի Մայր Տաճարին Մէջ։


14 եւ 15 օգոստոսին Փարիզի քաղաքապետարանը ու արքեպիսկոպոսութիւնը կը հիւրընկալեն համայն աշխարհէն փարիզ ժամանած 150.000 հաւատացեալ ուխտաւորներ որոնք պիտի մասնակցին Տիրամօր Վերափոխման Հանդիսաւոր արարողութիւններուն, որ տեղի կ`ունենան Փարիզի Նոթր Տամ Մայր Տաճարին մէջ եւ որ պիտի գլխաւորեն Եպիսկոպոսաց Ժողովի նախագահը՝ Կարտինալ Մարգ ՈՒելլէն եւ Փարիզի Տեղապահ եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Էրիք Տէ Մուլէն-Պոֆորդ։
Այս պատմական ուխտագնացութեան աւանդութիւնը սկիզբ առած էր 1637ին ֆրանսայի Թագաւոր Լուիս ԺԳ.-ի օրով, որ ուխտած էր իր թագաւորութիւնը նուիրել Աստուածածնայ, որմէ խնդրած էր շնորհքը՝ զաւակ ունենալու ։
Կիրակի 14 օգոստոսի երեկոյեան, 5.000 հոգինոց հաւատացեալներու խումբ մը պիտի մասնակցի Սէն գետի վրայ նաւակներով կազմակերպուած տպաւորիչ՝ ջրային թափօրի մը, որուն ընթացքին պիտի արտասանուի վարդարանը անոր միացնելով մարեմեան տաղերու երգեցողութիւնը։ 15 օգոստոսին հաւատացեալները պիտի հաւաքուին Նոթր Տամ Մայր Տաճարին մէջ մասնակցելու Պատարգի Սուրբ Զոհին։
KTO կաթողիկէ հեռատեսիլը ուղղակի եթերով պիտի հեռասփռէ արարողութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.