2011-08-13 10:46:19

Սուրբ Մաքսիմիլիան Քոլպէ - Սիրոյ Նահատակը


14 Օգոստոսին Հայր Մաքսիմիլիան Քոլպէի մահուան տարելիցն է։ Ան իր կեանքը զոհած էր իրեն անծանօթ եղբօր մը համար։
Արդարեւ 1941 - ի յուլիսի վերջերն էր, եւ հայր Քոլպէ արդէն մի քանի ամիսէ ի վեր կը գտնուէր Աուշվիցի կեդրոնացման Ճամբարի տաժանակիր աշխատանքի թիւ 17 բաժնին մէջ։
Թիւ 14 բաժնին պատկանող՝ արգելափակեալ մը կը յաջողի փախչիլ։ Այս պատճառով անոր 10 ընկերակիցները կը դատապարտուին անօթութեամբ մեռնելու։ Անոնց մէջ կար նաեւ ընտանիքի հայր մը որ մեծ կսկիծ կը զգար այս կերպով իր կնոջմէն եւ հեռաւոր զաւակներէն բաժնուելուն համար։ Յանկարծ տկար եւ վատառողջ անձ մը, մեղմ բայց վճռական ձայնով մը կ̓ըսէ ճամբարի հրամանատարին. <<կը խնդրեմ մահուան երթալ այդ մարդուն փոխարէն>>։


Աղաղակներու եւ հայհոյութեանց փոխարէն, երկու շաբաթէ աւելի կը լսուէին կենդանի թաղուածներու բերնէն կրօնական երգեր։ Հայր Քոլպէ վերջինը կը մեռնի, մահաբեր ներարկումէ մը ետք 14 օգոստոսին, վերափոխման նախօրեակին։

Իր երկնային Մայրը շատ սիրած էր. իր կեանքը նուիրելով իրեն համար , ասոր համար Մարիամ ուզած էր զինքը իր մօտը կանչել, հանդիսաւոր օր մը, որ կը յիշեցնէր իր իսկ երկինք վերափոխումը։

Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. քահանայապետը, 17 հոկտեմբեր 1971-ին զինք խորաններու պատւոյն կը բարձրացնէ երանելի հռչակելով զայն։

Հայր Մաքսիմիանոս Քոլպէն ծնած էր Լեհաստան 7 յունուար 1894ին։ 1907-ին կը մտնէ Կրտսեր եղբայրներու կղերանոցը, Հռոմ կը ղրկուի եկեղեցական ուսումները կատարելու Գրիգորեան համալսարանի մէջ։
Տակաւին ուսանող, գաղափառը կը յղանայ Մարիամի Անարատ Յղութեան զինուորներու եղբայրութիւնը հիմնելու։ 1918ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի եւ Լեհաստան վերադառնալով կը սկսի - Անարատ Յղացեալին ասպետը - կոչուած լեհերէն ամսաթերթը հրատարակել որ 1938ին մէկ միլիոն տպաքանակի հասած էր։
Ան մահացաւ 14 Օգոստոս 1941-ին, վերափոխման տօնին նախօրեակին, իր կեանքը զոհելով ընտանիքի հօր մը ու մահանալով անոր տեղ։








All the contents on this site are copyrighted ©.