2011-08-13 10:46:52

Ջիւան Գասպարեանի 65ամեայ Գործունէութիւնը Պիտի Ամփոփուի Երեւանեան Համերգով։


Դուդուկահար Ջիւան Գասպարեան, Օգոստոս 15ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կը ներկայանայ համերգով մը, որ կը կրէ «65 տարի բեմում» խորագիրը: Օգոստոս 11ին այս առիթով հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին, դուդուկահարի «փրոտիւսըր» Թովմաս Մարտիրոսեան նշեց, թէ համերգին ընթացքին դուդուկահարը պիտի ամփոփէ իր 65ամեայ գործունէութիւնը՝ ներկայացնելով տարիներու ընթացքին հնչած իր ստեղծագործութիւններէն: Համերգի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան նաեւ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտներ Արմէն Բաբախանեան, Վահագն Հայրապետեան, երգչուհի Աննա Մայիլեան, ինչպէս նաեւ վարպետին թոռը՝ կրտսեր Ջիւանը:
Ջ. Գասպարեան նշեց, որ իր 65ամեայ գործունէութեան ընթացքին թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ աշխարհի տարբեր ու հեղինակաւոր բեմերու վրայ հանդէս եկած է շուրջ 20 հազար համերգով: «Ես ինձ աշխարհի ամենաերջանիկ մարդն եմ համարում, քանի որ կարողացել եմ ամբողջ աշխարհում ներկայացնել հայկական արուեստը», նշեց վարպետը, աւելցնելով, որ երեւանեան այս համերգով, ան ոչ թէ հրաժեշտ կու տայ բեմին, այլեւ կը փափաքի որոշ ժամանակ մը հանգստանալ: Ան այդ ժամանահատուածը պիտի օգտագործէ երիտասարդ սերունդը պատրաստելով:











All the contents on this site are copyrighted ©.