2011-08-13 10:47:26

Անգարա- Տինքի Ընտանիքին Փոխհատուցում


Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը բողոքարկած է Պոլսոյ 10րդ վարչական դատարանի կայացուցած որոշումը, ըստ որուն, անիկա իբրեւ փոխհատուցում պէտք է Տինքի եղբայրներուն՝ Խոսրովին եւ Երուանդին, վճարէ հարիւր հազար թրքական լիրա (շուրջ 60 հազար տոլար)։
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան փաստաբաններու կողմէ կազմուած եւ Պետական խորհուրդ (Բարձրագոյն վճռաբեկ ատեան) ներկայացուած բողոքարկման դիմումին մէջ կը նշուի, որ Հրանդ Տինք համապատասխան պաշտպանութիւն ստանալու համար ոստիկանութեան չէ դիմած, իսկ նախարարութիւնը ձեռնարկած է բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն՝ սպանութիւնը կանխարգիլելու համար։
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ որեւէ պատասխանատուութիւն չի կրեր Տինքի սպանութեան համար եւ պահանջած է բեկանել Պոլսոյ դատարանին՝ փոխհատուցում վճարելու մասին որոշումը։
Բացի ատկէ, ներքին գործոց նախարարութեան դիմումին մէջ կը նշուի նաեւ, որ «փոխհատուցման չափը կը հակասէ նպատակին եւ ուղղուած է ոմանց չափէն աւելի հարստացնելու»։
«Վաթան» օրաթերթը Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան այս դիմումը համեմատած է անցեալ տարի Անգարայի կողմէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան ուղարկուած պաշտպանութեան խայտառակ գրութեան հետ, որ աւելի ուշ Թուրքիոյ իշխանութիւնները յետս կոչած էին։
Նշենք, որ Հրանդ Տինք իր ողբերգական մահէն մէկ շաբաթ առաջ դիմած էր Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան՝ բողոքարկելով Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածի հիմամբ իր դէմ կայացած դատավճիռը։ Տինքի սպանութենէն ետք, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան դիմած էր նաեւ անոր ընտանիքը՝ Տինքի ներկայացուցած բողոքին աւելցնելով այն, որ հակառակ անոր, որ թուրք ոստիկանները նախապէս տեղակ եղած են Տինքի դէմ նախապատրաստուող մահափորձին մասին, ոչինչ ըրած են այդ ոճրագործութիւնը կանխարգիլելու համար։
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը, միախմբելով Տինքի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն ներկայացուցած հինգ դիմումները՝ թրքական իշխանութիւններէն պահանջած էր ներկայացնել պաշտպանութիւն։ Ի պատասխան, Անգարան պաշտպանութեան անյաջող եւ խայտառակ փորձ կատարեց՝ Հրանդ Տինքը համեմատելով նացի ղեկավարներէն մէկու մը հետ։ «Ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ այդպիսի յօդուածները (Տինքի դատապարտման պատճառ դարձած յօդուածը) ուղղուած են սադրելու ժողովուրդը եւ խախտելու հասարակական կարգը։ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն «ատելութեան խօսքը խոչընդոտելու» առնչութեամբ խորհրդատուական բնոյթի որոշում կայացուցած է։ Տինքի յօդուածին մէջ գոյութիւն ունի «ատելութեան խօսք», իսկ անոր դէմ ներկայացուած մեղադրանքը անոր արմատներուն հետ որեւէ առնչութիւն չունի», կը նշուէր թրքական իշխանութիւններուն ներկայացուցած պաշտպանողականին մէջ, որ աւելի ուշ Անգարա յետս կոչեց՝ փորձելով Տինքի ընտանիքին հետ գտնել «բարեկամական լուծում», եւ այդ կապակցութեամբ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ հանդիպում ունեցաւ Հրանդի եղբօր՝ Խոսրովի հետ։
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը բաւարարած էր թրքական իշխանութիւններուն դէմ ներկայացուած Տինքի ընտանիքի հայցը եւ Անգարայէն պահանջած՝ Հրանդ Տինքի հարազատներուն վճառել 133,565 եուրոյի փոխհատուցում, որ կը ներառէ նաեւ դատական ծախսերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.