2011-08-12 13:03:29

Ութ Հայերու Անուններ՝ «Կինես»ի Համաշխարհային Մրցանիշներու Գիրքին Մէջ։


«Կինես»ի համաշխարհային մրցանիշներու գիրքին մէջ արձանագրուած է ութ հայ: Արտասովոր շարժողական գործունէութեան գրանցման յանձնաժողովի նախագահ Վարդան Թովմասեան յայտնեց, թէ նշեալ գիրքին մէջ առաջին հայ արձանագրուողը Ռոբերտ Գալստեանն է՝ 1991ին: Ան պարանի օգնութեամբ ատամներով քաշած է 12 թոն «Կրազ» մակնիշի ինքնաշարժ: «Կինես»ի վերջին հայը Դաւիթ Ֆահրադեանն է, որ պտտաձողի վրայ կատարած է 354 պտոյտ:
Նշեալ յանձնաժողովին Լոնտոնի կեդրոնական գրասենեակը դիմումներ կը ստանայ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Լոնտոնի մէջ յանձնաժողովը կ՛ուսումնասիրէ չափանիշի մը սահմանումը փաստող տեսանիւթը, կը ստուգէ, թէ ներկայացուածը շինծու չէ:
Հայաստանի մէջ, 1990էն ի վեր ստեղծուած է «Դիւցազնագիրք»ը, ուր արձանագրուած է աւելի քան 61 հոգի:








All the contents on this site are copyrighted ©.