Մի քանի օրէն սկիզբ կ`առնէ Մատրիտի 2011-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ տօնախմբութիւնները,
որ տեղի կ`ունենան 16- 21 օգոստոս եւ ուր կը սպասուի աւելի քան 1.5 միլիոն երիտասարդներու
խուռներամ ներկայութիւնը ։
Ճմճ ի Երիտասարդներու համար պատրաստւուած ուսապարկերու
մէջ զզետեղուած են, Աւետարան մը, ուխտաւորի գրքոյկը, պաշօնական ուղեցոյցը, ՃՄՃ օրակարգը,
Եուքաթ - երիտասարդներուն բացատրուած եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը, մատրիտի գարտեսը, գլխարկ
ու վարդարան մը։
Կարեւոր Թիւեր։ Աւելի քան 30 հազար կամաւորներ, 7 Թոն վարդարան,
Իջեւաններու 100 տոկոսը լեցուն։ 4.500 գրանցուած լրագրողներ աշխարհի չորս ծագերէն ։ ՃՄՃ
ձեռնարկի ծախսերու ծաւալը կը հասնի 50 միլիոն եւրոյի որոնք ամբողջութեամբ նուիրատուներու
երաշխաւորութեամբ ազատ օժանդակութիւններու, իսկ երկու երրորդը արձանագրութեան եկամուտով
կը ծածկուին։