2011-08-12 13:03:21

Անթիլիասի Մէջ Կրթական Համագումար՝ Արեւմտահայերէնի Մասին։


Յառաջիկայ Օգոստոս 18–20 2011-ին Պիքֆայայի Դպրեվանքէն ներս Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ համասփիւռքեան համագումար մը՝ նուիրուած Արեւմտահայերէնին: Համագումարին սկիզբը Վեհափառը իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ համագումարի բոլոր նիստերուն ու մօտէն հետեւի համագումարի աշխատանքներուն: Համագումարին պիտի մասնակցին շուրջ 50 մտաւորականներ, գրողներ, ուսուցիչներ ու խմբագիրներ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն: Համագումարին ծախսերը կը հոգայ ՙԿիւլպէնկեան՚ Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը: Վեհափառին գլխաւորութեամբ կազմակերպիչ յանձնախումբը անցնող տարուան ընթացքին լծուած էր իր աշխատանքներուն:
Անդրադառնալով համագումարի կարեւորութեան, Արամ Ա. շեշտեց, թէ ան ՙսովորական համագումար մը պէտք չէ դառնայ, մի քանի օրերու վրայ տարածուած սոսկ քննարկումներով, մտահոգութիւններու արտայայտութեամբ, տեսակէտներու փոխանակումով սահմանափակուած: Անհրաժեշտ է քննարկումներէն անդին երթալ եւ յստակ որոշումներ առնել ու գործընթացներ ճշդել: Հո՜ս կը կայանայ համագումարի մը իմաստը ու արժէքը՚: Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙԱրեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է բառին ամբողջական իմաստով: Չենք կրնար ձեռնածալ մնալ այս տխուր իրականութեան դիմաց: Հաւաքական ճիգով ու ծրագրուած աշխատանքով պէտք է վերականգումի ընթացք մը ճշդենք: Ա՜յս է նպատակը յիշեալ համագումարին՚:
Յայտնենք որ համագումարի ընթացքին արեւմտահայերէնին առնչուած շարք մը խնդիրներ պիտի քննուին զանազան տեսանկիւններէ դիտուած, նկատի առնելով Սփիւռքի գաղութներուն տարբեր դրուածքները ու դիմագրաւած իւրայատուկ պայմանները ու դժուարութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.