2011-08-11 13:00:46

Պատրիարքական Նշանակում


Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ.Տ.Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հինգշաբթի, 11 օգոստոս 2011-ին, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, գերապատիւ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանը անուանեց նախագահ Պէյրութ լոյս տեսնող ՜՜Աւետիք՝՝ Պատրիարքական պաշտօնաթերթի յանձնախումբին։
Յիշենք, որ ‏Աւետիք պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմին մաս կը կազմեն նաեւ պրն. Վազգէն Նիւրբէթլեան, հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան եւ Համբի Էլմաճեան։
Ռատիօ Վատիկանի Հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ Հայր Վարդան Գազանճեանը մաղթելով անոր յաջողութիւն եւ պտղաբեր գործունէութիւն իր այս նոր եւ կարեւոր պաշտօնին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.