2011ի առաջին կիսամեակին, Հայաստանի արտահանումը, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին
համեմատ, աճած է 33.8 տոկոսով, իսկ ներածումը աճած է 10.1 տոկոսով եւ 3.23 անգամով կը
գերազանցէ արտահանումը: Բացասական աստիճանը նոյնիսկ աճած է 1.30 միլիառ տոլարէն մինչեւ
1.33 միլիառ: ՀՀ Պետական եկամուտներու կոմիտէին հրապարակած տուեալներուն համաձայն,
արտածման բարձր ցուցանիշը ապահոված է պղինձի հանքանիւթի եւ խտանիւթի արտահանումի 34.7
տոկոսի աճը: Ընդհանուր արտածման մէջ պղինձի հանքանիւթի եւ խտանիւթի տեսակարար չափը հասած
է 21.8 տոկոսի: Երկրորդ տեղի վրայ է «չռաֆինացուած պղինձ, ելեկտրոլիտիկ ռաֆինացման
պղնձէ անոդներ» կէտը. արտահանման աճը կազմած է 39.4 տոկոս, իսկ ընդհանուր արտածման մէջ
անոր մասնաբաժինը հասած է 10 տոկոսի: Երրորդ տեղի վրայ ոգելից խմիչքներն են՝ քոնեաք
եւ խաղողի գինի: Արտահանումը աճած է 34.9 տոկոսով, իսկ ընդհանուր արտածման մէջ անոր բաժինը
հասած է 7.7 տոկոսի: Իսկ ներածման պարագային, մեծագոյն խումբը «բնական եւ հեղուկ կազ»ն
է: Անոր ներածումը աւելցած է 16.6 տոկոսով: Երկրորդ տեղի վրայ են քարիւղի մթերքները,
յատկապէս՝ վարելանիւթ եւ «մազոջ», որոնց մասնաբաժինը ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին
հասած է ներածման 8.5 տոկոսի: Այսպիսով, Հայաստանի ներածման շուրջ 25 տոկոսը կը կազմէ
ուժանիւթին հատուածը, որ կը մեծցնէ Հայաստանի արտաքին առեւտուրի կշիռքը: