2011-08-11 13:00:27

Կրօնաբարոյական հարցեր - Փրկչագործութիւն


Փրկչագործութիւն
Տիրոջ ծրագիրները անփոփոխ են։ Սկզբնական մեղքէն ետք` մարդկութիւնը կը մնար միշտ կոչուած գերբնական կեանքի մաս կազմելու. Սակայն ինքզինք դրած էր անկարողութեան մէջ այս կոչին պատասխանելու։ Միայն Աստուած կրնար վերստին պարգեւել իր բարեկամութիւնը մարդոց. Ան միայն կարողութիւնն ունէր առնելու հաշտութեան նախաձեռնութիւնը։ Եւ այս նախաձեռնութիւնը ան յանձն առաւ իրագործել, որովհետեւ Աստուած բացարձակ սէր է։
Ուստի սկզբնական մեղքէն ի վեր` Աստուած կու տար մարդուն ապահովութիւնը ներումին. Եւ այսպէսով մարդիկ, թէեւ ոչ շատ յստակ կերպով, իրենց հետ պիտի տանէին սերունդէ սերունդ` առաջին մեղքի յիշատակին հետ, նաեւ անեղծ յոյս մը։ Նոյնիսկ հին ոչ-յայտնեալ կրօնքներու մէջ` կը գտնենք հետքերը աստուածային նախնական այս յայտնութեան։ Անոնք կը կազմեն այն քարերը որոնց վրայ կարելի պիտի ըլլայ յետագային կառուցանել Քրիստոսի վարդապետութիւնը։
Աստուած պիտի նորոգէ իր խոստումը դարերու ընթացքին` մարգարէներու միջոցաւ, որոնք պիտի յայտնուին իր ընտրեալ ժողովուրդին` Հրէաներուն ընդմէջէն։
Աստուծոյ կողմէ մէկ խօսք, կամ մէկ նշան մը բաւարար էր որպէսզի մենք ապահով ըլլայինք թէ ան ներած է մեզի, սակայն ան յղացաւ աւելի մեծղի ծրագիր մը, բան մը որուն մարդ երբեք չէր կրնար մտածել. Ան ուզեց վերադարձնել մարդոց աստուածային կեանքը ` մարդեղութեամբը, չարչարանքովը, մահովը եւ յարութեամբը Յիսուս-Քրիստոսի, իր Միածին Որդւոյն, որ է ճշմարիտ Աստուած եւ ճշմարիտ մարդ։
Իբրեւ թէ Աստուած ըսած ըլլար մեզի.
Ամէն ինչ ըրած էի, որպէսզի բարձրացնեմ մարդը դէպի ինձ եւ այպէսով ապահովեմ իր երջանկութիւնը աշխարհի վրայ եւ յաւիտեանս` երկնքի մէջ. Ան սակայն երեսը դարձուց ինձմէ։ Հիմա սիրոյ նոր ջանք մը պիտի թափեմ. Քանի ան չուզեց բարձրանալ ես ինքզինքս պիտի իջեցնեմ իր մօտ, ըլլալով նման իրեն։ Կ՛ուզէի զինք մօտեցնել ինծի, բայց մերժեց իմ առաջարկս։ Այժմ ինքզինքս պիտի դարձնեմ մարդ, աղքատ, փոքր, չարչարուած, որպէսզի ցոյց տամ իրեն հէ ես համակ սէր եմ. Թերեւս այն ատեն զիս սիրէ, թերեւս հասկնայ թէ չի կրնար գտնել իր երջանկութիւնը, թէ այս աշխարհի վրայ եւ թէ անդի աշխարհին մէջ, եթէ ոչ ինձմով։
Տարօրինակ որոշում, որ անշուշտ մեր տարակոյսը կ՛արթնցնէ։ Կրօնքի միւս խորհուրդները մեզ կը թուին ընդունելի, որովհետեւ բնական խորհուրդներէն շատ հեռու չեն անոնք, սակայն այս խորհուրդը, ուր Աստուած մարդ կ՛ըլլայ, ուր Արարիչը արարած կ՛ըլլայ, ենթակայ անօրէն վարմունքին իր իսկ արարածներուն կողմէ, մեռնելով խաչի մը վրայ, որպէս յանցաւոր, յստակ գիտնալով թէ շատերուն համար իր այս առատահոս սէրը ոչ միայն ապարդիւն պիտի ըլլար, այլ նոյնիսկ հեգնանքի առարկայ պիտի դառնար. Ահա այս է որ կ՛անցնի բանաւորի չափերէն անդին։ Հիմա կը հասկցուի թէ ինչպէս Պօղոս առաքեալի առաջին քարոզութիւններէն իսկ` նոր կրօնքը – այսինքն քրիստոնէութիւնը – նկատուեցաւ որպէս գայթակղութիւն. ԶԱստուած մեր տկարութիւններուն ու ցաւերուն մասնակից դարձնել, զինք այնքան ցածցնել որ նոյնիսկ խաղալիք դարձնայ իր արարածներուն ձեռքը, ահա ինչ որ անհասկնալի կը թուի։
Կը հասկցուի նաեւ թէ ինչու Մոհամմէտի աշակերտները կ՛ընդվզին այսպիսի խոնարհեցումի մը Աստուծոյ Որդիին նկատմամբ։ Սակայն մենք քրիստոնէաներս չենք կրնար հակառակիլ ճշմարտութեան եւ հակառակ անոր անըմբռնելի նկարագրին, կը հաւատանք Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին, նոյնիսկ առանց հասկնալու։








All the contents on this site are copyrighted ©.