2011-08-11 12:58:52

11 Օգոստոս 2011, Տօնն Է Սանթա Գիարայի՝ (Սրբուհի Պայծառի) Ըստ Լատինաց, Հիմնադրուհին Գլարիսներու Միաբանութեան։


Սանթա Գիարա ՝ ծնած էր Իտալիոյ Ասիզի գիւղաքաղաքը, 1193 ին ազնուական, հարուստ եւ շատ առաքինի ծնողներէ, ունէր երկու քոյրեր եւս Անիէզէ եւ Պէադրիչէ։ Իր ծաղիկ հասակէն արդէն Գիարա մեծ սէր ունէր աղքատներու հանդէպ եւ շատ բարեպաշտ էր։ Օրուան մէջ յաճախ իր վզէն կախուած շղթային հլունները վարդարանի հատիկներու պէս կը սահեցնէր իր մատներուն մէջէն կրկնելով Տէրունական աղօթքը եւ Հրեշտակային ողջոյնը։
Մօտաւորապէս 18 տարեկան էր երբ ծնողքը ուզեցին զինք ամուսնացնել մեծահարուստ ազնուականի մը հետ սակայն ինք չէր ուզեր ամուսնանալ։
Այդ ատենները սրբութեան մեծ համբաւ կը վայելէր ֆրանչիսքոս Ասիզացին. Գիարա իրմէ խորհուրդ առնելով առանց տարակուսելու վճռեց խզել իր կապերը աշխարհի հետ եւ ամբողջովին նուիրուիլ Աստուծոյ։ Ան համաձայնած էր Ս. ֆրանչիսքոսին հետ որ 1212-ի՝ Ծաղկազարդի տօնին պիտի սկսէր իր կրօնաւորական կեանքը։
Այդ օրը Գիարա իր ամենագեղեցիկ զգեստները հագած՝ եկեղեցի գնաց իր ընտանիքի անդամներուն հետ, սակայն ձիթենեաց ճիւղերու բաշխումին ատեն իր տեղը անշարժ մնաց։ Արարողութեան նախագահող եպիսկոպոսը անձամբ խորանէն վար իջաւ եւ Գիարային տուաւ ձիթենիի ոստ մը, այն ատեն Գիարա ալ մասնակցեցաւ թափօրին։
Յաջորդ օրը առաւօտ կանուխ Գիարա գաղտագողի խոյս տուաւ տունէն, փողոցի մը մէջ միացաւ իր ընկերուհիներուն եւ գնաց Բորցունքուլա ուր կը գտնուէր Ս. ֆրանչիսքոս որ զինք ընդունեցաւ եկեղեցւոյ դրան առջեւ ընկերակցութեամբ իր կրօնաւորներուն որոնք բոցավառ ջահեր բռնած երգեցին ՜՜Եկ Ս. Հոգի ՝՝ շարականը։
Տիրամօր խորանին ոտքը, Գիարա հանեց իր զգեստները եւ զարդերը։ ֆրանչիսքոս անոր տուաւ սրճագոյն կոշտ կտաւէ սքեմ մը եւ կտրեց անոր գեղեցիկ մազերը։
Եւ այսպէս , այդ օրը կը հաստատուէր Գլարիսթներու միաբանութիւնը, որ սակայն Բենեդիկտեան Ս. Պօղոսի անուան վանքին մէջ հաստատուեցաւ եւ ապա նոյն ուխտի մայրապետները բնակեցան Ասիզիի մօտ գտնուող Սանդ Անճելօ կոչուող վանքը։ Գիարայի ծնողքը փորձեցին զինք ետ տուն բերել բայց ինք հաստատ մնաց իր որոշումին վրայ։
Շատ ժամանակ չանցած՝ Գիարային քոյրը՝ Անիէզէն, ուզեց ինք եւս՝ միանալ այս միաբանութեան, հակառակ անոր որ 12 այր մարդիկ բռնի ջանացին զինք տուն վերադարձնել, սակայն ինք վճռակամութեամբ դիմադրեց անոնց, որմէ ետք 12 այրերը թողուցին զինք ու հեռացան։
Ս. ֆրանչիսքոս Անիէզէին ալ ,որ 14 տարեկան էր, տուաւ կրօնաւորական սքեմը։
Շատ չանցած Աստուած Սրբուհի Գիարային մօտ ղրկեց ուրիշ բազմաթիւ ընտրեալ հոգիներ, ու Գիարա Ս. ֆրանչիսքոսի պնդումին վրայ յանձն առաւ զանոնք առաջնորդելու ծանր պատասխանատուութիւնը։
Սրբուհի Գիարա 42 տարի մեծ խոհեմութեամբ, աստուածավախութեամբ եւ կանոնի ճշգրիտ գործադրութեամբ իր իսկ կեանքովը անոնց կ՝ուսուցանէր. եւ ինք կատարելութեան ուղիէն կ՝ընթանար, ծոմապահութեամբ, աղօթքով եւ հսկումով։ Նոյնիսկ իր հիւանդութեան շրջանին ուրիշներու օգնութեամբ ոտքի կ՝ելլէր եւ միւսներու նման ձեռային գործերուն կը պարապէր։
Բազմաթիւ հրաշքներով Սրբուհի Գիարա հռչակաւոր դարձաւ իր կենդանութեան ատեն իսկ։ Իր կեանքի վերջին ժամերուն երջանկութիւնը ունեցաւ Տիրամօր եւ Սուրբ ու նահատակ կոյսերու այցելութիւնը։ 12 Օգոստոս 1253-ին, խաղաղօրէն իր հոգին աւանդեց։ Իր մահէն ետք ալ բազմաթիւ հրաշքներ կատարուեցան իր բարեխօսութեամբը, եւ 1255-ին, երջանկայիշատակ Աղեքսանդր Դ. Քահանայապետը զինք սրբադասեց։










All the contents on this site are copyrighted ©.