2011-08-10 13:06:48

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (WCC) Եւ Ասիոյ Քրիստոնեայ Համաժողովի (CCA) Խորհրդակցական Ժողովին։


Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Ասիոյ Քրիստոնեայ Համաժողովի Կազմակերպութեամբ ՜՜Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Ասիոյ մէջ՝՝ թեմայով խորհրդակցական ժողովը տեղի ունեցաւ 1-5 օգոստոս 2011-ին Պանքոքի մէջ, Թայլանտ: Սոյն խորհրդաժողովին մասնակցեցան 22 երկիրներու քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Իրանէն հետեւեալ ժողովին մասնակցեցաւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգիսեան, ներկայացնելով Իրանի Հայ Եկեղեցին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:
Խորհրդաժողովը իր աշխատանքները սկսաւ երեքշաբթի 2 Օգոստոս 2011-ի Պանքոքի քրիստոնեայ համագումարներու կեդրոնատեղիին մէջ, 33 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Առաւօտեան պաշտամունքէն եւ Աստուածաշնչական սերտողութիւններէն յետոյ ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն: Իւրաքանչիւր երկրէ մէկ ժողովական ներկայացուց իր երկրի եկեղեցական կեանքը իր մարտահրաւէրներով, ձեռքբերումներով եւ մտահոգութիւններով: Սեպուհ Սրբազան համագումարին ներկայացուց Եկեղեցին Իրանի մէջ թեմայով դասախօսութիւն, անդրադառնալով որ եկեղեցին, կամ քրիստոնեայ համայնքը իբրեւ փոքրամասնութիւն, օրէնքով պաշտպանուած է եւ կը վայելէ պետութեան հովանաւորութիւնը: ՙՔրիստոնէութիւնը վաղուց մուտք գործած է Իրան՚ ըսաւ Սրբազանը, նշելով եկեղեցւոյ եւ յատկապէս հայ եկեղեցւոյ դերը իրանեան հայրենիքին մէջ:
Երեք օրերու վրայ տարածուած ժողովական աշխատանքներուն մեր եկեղեցին իր գործնական եւ անմիջական մասնակցութիւն բերաւ: Սեպուհ Սրբազան մարդկային իրաւունքներու թեմայով զրոյցի շրջագիծին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան, ցեղասպանութեան անուղղակիօրէն շարունակման եւ Արցախեան հիմնահարցի եւ Պաղեստինցի ժողովուրդի արդար պայքարին եւ իրաւունքներուն:
Իր եռօրեայ աշխատանքներու աւարտին, խորհրդաժողովը յատուկ յայտարարութեամբ շեշտեց իր յանձնառութիւնը, շարունակելու իր աշխատանքը եկեղեցիներու եւ երկիրներու միջեւ մարդու իրաւունքներու եւ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:
Այս առթիւ Սեպուհ Սրբազան յանուն Վեհափառ Հայրապետին հրաւիրեց Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղարը այցելելու Անթիլիաս, եւ հանդիպում ունենալու Վեհափառին հետ:
Ժողովական աշխատանքներու աւարտին Սեպուհ Սրբազանը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս՝ Պրն. Արթօ Յարութիւնեանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.