2011-08-10 12:58:25

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն


Հայազգի Վիպասան
Հայազգի վիպասան Շիրվազանդէ՝ բուն անունով՝ Ալեքսանդր Մովսիսեան, ծնած էր 1858-ին Հայաստանի՝ Շամախի (Շիրվան) մէջ, գրչանուն ընտրեց Շիրվանզադէն այսինքն՝ Շիրվանի Զաւակ, եւ այդ անունով իր բարձունքը նուաճեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան երկնակամարին։ Իրապաշտութիւնը եղաւ, Շիրվանզադէի համար, թէ՛ կեանքի, եւ թէ՛ գրական ստեղծագործութեան առաջնորդող սկզբունք.
Հայ գրականութեան եզակի երեւոյթներէն է Շիրվանզադէ։ Իր գրչէն կեանք առած վիպակներն ու վէպերը՝ «Նամուս»ն ու «Քաոս»ը, «Պատուի Համար»ն ու «Արսէն Դիմաքսեան»ը, «Օրիորդ Լիզա»ն եւ «Իշխանուհին», ինչպէս նաեւ «Աւերակների Վրայ» ու «Արմենուհի» թատերական գործերը մինչեւ այսօր խռովքի ու խոր յուզումի կը մատնեն ընթերցողը՝ հայու մեր անցեալէն եկող եւ այս կամ այն տարբերակով տակաւին շարունակուող բարքերու եւ ընկերային ցաւերու իրենց գեղարուեստական ցոլացումով, ցնցիչ կերպաւորումներով եւ խստապահանջ քննադատութեամբ։
Շիրվազանդէ իրաւամբ կը հանդիսանայ 19-րդ դարավերջի ու 20-րդ դարասկիզբի հայոց ընկերային ցաւերուն՝ հայ ժողովուրդի հասարակական հիւսուածքին եւ յուզաշխարհին յանդուգն վիպասանը եւ, իբրեւ այդպիսին, արժանաւորապէս իր տեղը ունի հայ տաղանդաւոր մեծերու համաստեղութեան մէջ։
Շիրվազանդէի Հայրը կ՝ուզէր որ իր զաւակը ռուսական ուսում ստանար եւ առեւտրական կեանքի պատրաստութիւն ձեռք բերէր. այդ նպատակով ալ զինք գաւառական պետական վարժարան կ՝ուղարկէ։ Բայց կեանքի պայմանները եւ 1872ի Շամախի երկրաշարժը կը ստիպեն Շիրվանզանդէն , որ հազիւ պետական վարժարանը աւարտած էր, մեկնիլ Բագու՝ «մի կտոր հաց շահելու»։
Ապա, ան ազգականներուն միջնորդութեամբ քարտուղարի պաշտօն ստացաւ Նահանգային Վարչութեան մէջ, ու գրադարանապետ նշանակուելով «Մարդասիրական Ընկերութեան» մատենադարանին, ան լայն ժամանակ ունեցաւ ընթերցումի. 1878էն սկսաւ աշխատակցիլ հայկական թէ ռուսական թերթերուն՝ ինչպէս Մշակ եւ Արձագանգ-ին։ Գրեց դասական անարդարութեանց, նաեւ աշխատաւորներու զրկանքին մասին. ցարական իշխանութեանց հալածանքին ենթարկուեցաւ. ու 1898ին Մետեխի բանտը նետուեցաւ, ապա՝ Ղազարոս Աղայեանի եւ հնչակեան այլ գործիչներու հետ աքսորուեցաւ Օտեսա, ուր մնաց մինչեւ 1904¬1905ի ռուսական առաջին յեղափոխութիւնն ու հայ¬թաթարական ընդհարումները։ Աքսորավայրէն Թիֆլիս վերադարձին, Շիրվանզադէ անցաւ Փարիզ, ուր մնաց մինչեւ 1911՝ ուսման հետեւելով եւ ստեղագործելով։ Այդ տարիներուն գրեց հայ մտաւորականութեան մեղկութիւնը եւ սնափառութիւնը մերկացոնող իր գործերը, նաեւ՝ փարեցաւ հայ կնոջ ազատագրութեան դատին։ 1911ին Թիֆլիս վերադառնալով՝ Շիրվանզադէ իրարու ետեւէ լոյս ընծայեց հայ կնոջ ազատագրութեան նուիրուած իր յանդուգն գործերը, որոնք նորովի հալածանքի պատճառ դարձան իր դէմ՝ այս պարագային ժամանակի հայ մտաւորականութեան կողմէ, որոնք հայկական բարոյական արժէքներու անկում տեսան հայ կնոջ ազատ ապրելու եւ իր մարդկային ցանկութիւններուն տղամարդու պէս ազատօրէն բաւարարութիւն տալու իրաւունքը ջատագովող Շիրվանզադէի գրականութեան մէջ։ Սակայն եւ այնպէս իր տաղանդին շնորհիւ ան արժանացաւ ընթերցողի լայն հասարկութեան գնահատանքին։
Շիրվազանդէ վախճանեցաւ 7 Օգոստոս 1935-ին, իր վերջին տարիներուն ան առաւելաբար աշխատեցաւ իր գործերուն վերահրատարակութեան վրայ՝ յուշագրութեան նուիրելով իր կեանքի վերջին տարիները։
Կարծէք յոգնած էր հայոց բարքերուն յանդուգն վիպասանը։
Ամէն պարագայի իր հատու եւ սպառիչ խօսքը արդէն ըսած էր հայ ժողովուրդի արդի ժամանակներ մուտքի շրջանին վերաբերեալ՝ հայութեան ընկերային շաղախին եւ յուզաշխարհին ամէնէն ընդգրկուն եւ իրապաշտ պատկերացումը կտակելով մեր սերունդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.