2011-08-10 13:05:34

11 Օգոստոսին Սկիզբ Կառնէ 2011-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ Անմիջական Պատրաստողական Շրջանը։


11 - 15 օգոստոս սպանիոյ 61 թեմերը ՜՜թեմերու օր՝՝ անուան ձեռնարկով կը հիւրընկալեն աշխարհի բոլոր վայրերէն ժամանած երիտասարդ ուխտաւորները, միասնաբար իրագործելու հոգեւոր, մշակութային ու ընկերային յայտագիր մը , եւ ապրելով տօնի եւ ընկերային պահեր։ ՜՜Թեմերու օր՝՝ ձեռնարկի նպատակը, նոյնինքն երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կէտնպատակն է , այսինքն՝ օգնել երիտասարդ սերունդը Քրիստոսի հետ հանդիպում ունենալու եւ ապրելու տիեզերական եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան փորձառութիւնը։ Ուղղել զանոնք վերագտնելու մկրտութեան իրենց կոչումը, դիմելով՝ զղջումի եւ խոստովանանքի խորհուրդին, եւ կարեւորել Սուրբ հաղորդութեան կեդրոնականութիւնը քրիտոնեայ անհատի կեանքէն ներս։ Թեմերու օր ձեռնարկի եզրափակիչ արարողութիւնը նախատեսուած է օգոստոս 15ին՝ Վերափոխման տօնին օրը, սուրբ պատարագի արարողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.