2011-08-09 14:28:32

Սարգիսեան Եւ Մետվետեւ Հանդիպում Պիտի Ունենան Ասթանայի Մէջ


12-13 օգոստոսին Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ոչ պաշտօնական վեհաժողովը: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները փոխանցեցին, որ վեհաժողովին ընթացքին այլ երկկողմանի հանդիպումներու կողքին, դռնփակ հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւը եւ պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման առնչուող հարցեր:
Նշենք, որ այսօր Սոչիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տմիթրի Մետվետեւի հանդիպումը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.