2011-08-09 14:26:05

Մարոնիներու Պշարա Ռայի Պատրիարին Դէպի Հարաւ Ու Լեռնալիբանան Պատմական Այցելութիւնը։


՜՜Կը Մաղթենք Որ Ազգային Երկխօսութիւնը Վերածուի Միջլիբանանեան Նոր Ուխտի Յանգող Ազգային Համագումարի Մը՝՝։
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքի պատմական շրջապտոյտը` դէպի հարաւային Լիբանան, յատկապէս Սայտա եւ Լեռնալիբանան իր աւարտին կը հասնի Շուֆի զանազան աւաններու այցելութեամբ, ու վերջին կանգառը՝ Պէյթէտտինի պալատ, ուր եւ հանդիպում ունեցաւ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:
Արդարեւ, 275 տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով մարոնի հոգեւոր պետ մը կ՛այցելէ հարաւային Լիբանանի շրջանը: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պշարա Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ նախագահ Սլէյմանի ազգային երկխօսութեան վերակենդանացման փափաքը իրականանայ եւ վերածուի ազգային համապարփակ նոր ուխտի մը յանգող միջլիբանանեան համագումարի:
Լեռնալիբանանի մէջ Պէյթէտտին, ապա Շուֆ, Ժեզզին, Տէյր Տուրիթ եւ այլ շրջաններ կատարած հովուապետական իր շրջապտոյտին ընթացքին, մարոնիներու պատրիարքը դիմաւորուեցաւ պաշտօնական եւ ժողովրդային աննախընթաց սիրալիր ընդունելութեամբ:
Շուֆի մէջ Ռայի պատրիարքը դիմաւորուեցաւ նախկին նախարար Մարուան Համատէի եւ Ժոմպլաթի զաւկին` Թէյմուրի կողմէ, որուն ուղղելով իր խօսքը` Ռայի պատրիարք թելադրեց տէր կանգնիլ Քամալ եւ Ուալիտ Ժոմպլաթներու աւանդին` նշելով, որ մարոնի-տիւրզի գոյակցութիւնը արմատացած է Լիբանանի եւ յատկապէս Լեռնալիբանանի մէջ 400 տարիներէ ի վեր:
Իր կարգին, Համատէ՝ Ռայի պատրիարքին այս այցելութեամբ ստեղծուած մթնոլորտը որակեց իբրեւ լիբանանցի «քրիստոնեաներու գարուն»ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.