2011-08-09 13:05:58

Էտիթ Շթայն Եւրոպայի Պաշտպան Սրբուհին


Այսօր երեքշաբթի 9 Օգոստոս 2011, Տօնն է՝ Edith Stein-ի, Խաչեցեալի՝ Սրբուհի Թէրէզա Պէնէտէթթայի պաշտպան սուրբը Եւրոպայի(ըստ լատինաց) ։
Ան Ծնած էր Պրէսլավիա 12 Հոկտեմբեր 1891-ին՝ հրեայ ծնողներէ, եւ քրիստոնէական կրօնքը ընդգրկելէ ետք, կը մտնէ Կարմեղեան միաբանութեան քոյրերու վանքը։
Էտիթ Շթայն կրօնաւորուհին նաեւ՝ Փիլիսոփայ մըն էր, Նացցիներու կողմէ ձերբակալուեցաւ կրեց երկրորդ աշխարհամարտի տխրահռչակ շրջանը, առանց սակայն կորսնցնելու իր յոյսը ՜՜Կեանքի ու Սիրոյ Աստուծոյ՝՝ վրայ։ Նահատակուեցաւ Աուշվիցի մէջ, 9 օգոստոս 1942-ին։
1998-ին՝ Երանելի ՅՊԲ քահանայապետը, զինք խորաններու պատուոյն բարձրացուց եւ մէկ տարի ետք ալ՝ Եւորպայի Պաշտպան Սուրբ հռչակեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.