2011-08-09 14:25:34

Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ հայր Ռափայէլ արք. Մինասեան այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն


Երեւան
Այսօր՝ առաւօտեան ժամը 10-ին, Երեւանի մէջ, Արեւելեան Եւրոպայի նորօծ առաջնորդ արհի. Ռափայէլ արք. Մինասեան, նախկին առաջնորդ՝ հայր Վահան ծ.վ. Օհանեան եւ պրն. Սարգիս Նաճարեան այցելեցին Հայաստանի Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին։ Հանդիպումը տեւեց աւելի քան 1 ժամ, որուն ընթացքին ողջոյնի խօսքեր փոխանցուեցան եւ Սփիւռքի նախարարը շնորհաւորեց նոր առաջնորդը։
Ներկաները անդրադարձան համայն հայութիւնը յուզող հարցերուն մասին, ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւններուն, հայերէնի կարեւորութեան եւ Եկեղեցւոյ դերին մասին հայապահպանման գործընթացքին մէջ։ Սփիւռքի նախարարը կոչ ուղղեց համագործակցութեան առանց ոեւէ խտրութիւն դնելու։
Գերապայծառ հայրը իր կարգին յայտնեց իր գործակցութեան բարի տրամադրութիւնները Հայաստանի պետական կառոյցներուն հետ, ինչպէս նաեւ յիշեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տարած գործունէութիւնը եւ անոր կապերը Հայաստանի հետ։ Ան նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան պարզեց Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի յիշատակումի առաջարկ ծրագիրները հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.