2011-08-09 14:25:57

«Արմենիա» Առագաստանաւը Լիբանանի Մէջ։


Շաբաթ, 6 օգոստոսին երեկոյեան, Տըպպայէի մարինա նաւահանգիստ ժամանեց «Արմենիա» առագաստանաւը աւելի քան 80 հազար քիլոմեթր կտրելէ ետք: Լիբանան հասած նաւուն անձնակազմը կը կրէ «Մեսրոպ Մաշտոց» անունը, անոր ղեկավարն է մտաւորական եւ ազգային ուրոյն անձնաւորութիւն՝ Զօրի Բալայեան, իսկ նաւապետը` Արմէն Նազարեան: Քարափին հաւաքուած քաղաքական, հոգեւորական, ազգային անձնաւորութիւններ, նաեւ մեծ թիւով լիբանանահայեր ջերմութեամբ ու խանդավառութեամբ ընդունեցին «Արմենիա»ի նաւախումբը, որուն անդամները դիմաւորուեցան հաց ու աղով, ինչպէս նաեւ անոնց վիզերէն անցուեցան ծաղիկներ: Հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան ներկայացուց հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը, ինչպէս նաեւ Զալքայի ՀԿՄ Պատանեկանի 35 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ այս ընդունելութեան: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ պատմական նկատեց պահը, որովհետեւ հայութիւնը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու, որ ինք թէեւ մեծ մարտահրաւէրներու ենթարկուած է միշտ, սակայն կրնայ դիմագրաւել այս բոլորը եւ հասնիլ իր նպատակին: Անոր համաձայն, մտաւորական, յայտնի անձնաւորութիւն, Արցախի հերոս Զօրի Բալայեանի ղեկավարած նաւը, որ ընթացք առած է Վալենսիայէն, բաւական երկար ու դժուար ճամբայ կտրելէ, սփիւռքի տարբեր գաղութներ այցելելէ ետք հասած է Լիբանան, ուրկէ պիտի մեկնի Կիպրոս, ուր պիտի դիմաւորուի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Դեսպանը նաւը նկատեց ներուժ եւ իմաստ ունեցող նաւ մը, որ առաքելութեամբ ու նպատակով ճամբայ ելած է: Դեսպան Աշոտ Քոչարեան այս առիթով յուշանուէր մը յանձնեց Զօրի Բալայեանին եւ անոր խումբին: Ապա խօսք առաւ Արամ Մալեան` Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատէի ներկայացուցիչը եւ Պէյրութի քաղաքապետութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց նաւախումբին:
Անկէ ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան մեծ ուրախութիւն նկատեց «Արմենիա»ի Լիբանան գալը: Առաջնորդը եւս յուշանուէր մը յանձնեց այս առիթով:








All the contents on this site are copyrighted ©.