2011-08-08 13:16:18

Խռովութիւններ Լոնտոնի Մէջ։


Լոնտոնի Թոթենհամ թաղամասին մէջ ոստիկաններու կողմէ երիտասարդի մը սպանութեան դէմ իբրեւ բողոք ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ տեղի ունեցան բախումներ, որոնց պատճառով 26 ոստիկաններ վիրաւորուեցան եւ 42 ցուցարարներ ձերբակալուեցան:
Բախումներուն մասնակցեցան շուրջ 300 ցուցարարներ, որոնք հրկիզեցին ոստիկանական երկու ինքնաշարժներ եւ փոխադրակառք մը, ոստիկաններուն վրայ քարեր ու շիշեր նետեցին եւ թալանեցին քանի մը խանութներ:
Խռովութիւնները վերջ գտան, երբ դէպքին վայրը շրջափակուեցաւ ոստիկանական յաւելեալ ստորաբաժանումներու կողմէ:
Խռովութիւնները սկսան, երբ թաղամասի բնակիչները հաւաքուեցան տեղւոյն ոստիկանատան մօտ` բողոքելու համար 5 օգոստոսին 29-ամեայ Մարք Տականի սպանութեան դէմ: Ոստիկանական հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ երիտասարդը միջադէպի մը ընթացքին կրակեց ոստիկանի մը ուղղութեամբ, որուն պատասխան կրակոցէն սպաննուեցաւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.