2011-08-08 13:16:02

Գահակալութիւն Արհի. Ռափայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանի Արեւիկի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ:


Կիրակի 7 Օգոստոս 2011, առաւօտեան ժամը 11­ին, Շիրակի շրջանի Արեւիկ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ գահակալութեան Սուրբ Պատարագը նորօծ Արքեպիսկոպոս Արհի. Ռափայէլ Մինասեանի։
Հայաստանի եւ Վրաստանի բոլոր վարդապետներն ու քահանաները, իրենց հետ ունենալով զանազան իրենց ժողովրդապետութիւններէ հաւատացեալներ, ներկայ էին այս արարողութեան։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառը կը ներկայացնէին Գերաշնորհ Սեպուհ Սրբազան Ջուլճեանը, Առաջնորդ Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու Գուգարաց թեմին, ինչպէս նաեւ Գերաշնորհ Միքայէլ Սրբազան Աջապահեանը, առաջնորդ Շիրակի թեմին։
Հայ կաթողիկէ երկու եպիսկոպոսներ ներկայ էին. Արհի. Նշան Արք. Գարաքէհէյեանը, նախկին առաջնորդ Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմին, եւ Արհի. Միքայէլ եպսկ. Մուրատեանը նորօծ առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի։ Ներկայ էր Գերաշնորհ Հայր Վահան Թ. Ծ. Վ. Օհանեան, Առաքելական գործակատար թեմիս, ինչպէս նաեւ Առաքելական Նուիրակի քարտուղարը։
Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի Քոյրերը. Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը, Մայր Թէրէզայի Սիրոյ Առաքեալներ միաբանութեան Քոյրերը, Սալեզեան Միաբանութեան Քոյրերը եւ Փոքրիկ Քոյր Նոէլը, տասնեակ տարիներու անխոնջ աշխատող Աշոցքի ՙՓրկչամայրՙ հիւանդանոցի մէջ։
Պետական անձնաւորութիւններ եւս տեղ գրաւած էին առաջին աթոռներուն վրայ, որոնց մէջ` Շիրակի փոխ­մարզպետը, Պր. Սէյրան Պետրոսյան, իր ազնուափայլ տիկնոջ հետ։
Մեծ թափօրով սկսաւ Սուրբ Պատարագը, Կիւմրիի Աթոռանիստ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երգչախումբի հնչեղ Հրաշափառի ընկերակցւթեամբ. Երգչախումբի ղեկավարն էր վաստակաւոր Տիկին Ճեմմա Քաղցրիկյան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ տարիներու հաւատարիմ երգուսոյց` Տիկին Գոհար Շախուլյանի։ Սարկաւագութեան բաժինը կ՛ապահովէր ներդաշնակ ու աղօթայարոյց ձայնով, Հռոմի Դպրեվանքի աշակերտ` Եղբայր Ղազար Պետրոսեանը։
Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն առաջ` Տէր Նարեկ Քահանայ Թաթեւոսյան ընթերցեց Սրբազան Պապի կոնդակը, ապա` Սեպուհ Սրբազան կարդաց Գարեգին Բ. Վեհափառի եղբայրական ողջոյնի խօսքը. Այս երկու խօսքփրն ալ` ներկաները ունկնդրեցին յոտընկայս։ Ապա Առաքելական Նուիրակի իտալերէն խօսքէն ետք` զոր Տէր Գրիգոր Մկրտչեան կը թարգմանէր հայերէնի, Հայր Վահան ուղղեց պաշտօնի փոխանցման առթիւ իր գնահատական ու յորդորական խօսքերը։ Սուրբ Աւետարանի աւարտին` նոր Առաջնորդը, Արհիապատիւ Մինասեան, ուղղեց ներկաներուն իր շնորհակալական սրտի խօսքը եւ առաջին պատգամը իր նոր հօտին։
Սուրբ Պատարագի հոգեպարար այս արարողութենէն ետք` ներկայ բարձրաստիճան հիւրերը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի զանազան Միութիւններու ներկայացուցիչներ, ուղղուեցան դէպի Կիւմրիի Վանատուր կոչուած շքեղ հիւրանոցը, որու ճաշասրահներէն մէկուն մէջ` պատրաստուած էր համադամ ճաշկերոյթ մը ի պատիւ նոր Առաջնորդին։ Կիմրիի պետական անսամպլի նուագողներն ու երգիչները հաճոյացուցին ճաշի այս ժամը հայկական տոհմային ճոխ երգերով։
Ճաշի ընթացքին` Հայր Վահան նուիրեց նոր Առաջնորդին, իր եւ թեմի կղերին կողմէ, ոսկեայ մատանի մը, որուն վրայ քանդակուած էր հայկական խաչ մը։ Քոյր Արուսեակ` նուիրեց ձեռագործ մեծ խաչ մը, Մարաշի աւանդական արուեստով ասեղնագործուած` սեւ կտորի վրայ։ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան նուիրեց նաեւ ոսկեայ մատանի մը, չորս աւետարանիչներու քանդակով, նուէր Զմմարեան Արծիւեան Միաբանութեան։ Ի վերջոյ` Քարիթասի անձնակազմը, ղեկավարութեամբ Տիկին Անահիտ Մխոյանի` Գործադիր տնօրէնուհի Գարիթասի, նուիրեց քանդակուած պատկերացում մը Վերջին Ընթրիքի։
Ներկաները յետ միջօրէի ուշ ժամերուն` մեկնեցան գոհունակ սրտով, մաղթելով նոր Առաջնորդին` քաջութիւն եւ յարատեւութիւն իր այս նոր առաքելութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.