2011-08-08 13:16:10

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՜՜Արմենիա՝՝ Առագաստանաւուն Անձնակազմը։


Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Հայրապետական ամրանոցին մէջ Երկուշաբթի 8 Օգոստոս (2011)ին, ընդունեց հայրենի ՜՜Արմենիա՚՝՝ առագաստանաւուն անձնակազմը, գլխաւորութեամբ հայրենի մտաւորական Զօրի Բալայեանի: Անձնակազմին ընկերանալով, զայն Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեան:
Հայաստանի անկախութեան 20 ամեակին եւ Հայոց լեզուի պահապան հայ մայրերուն ի պատիւ ընթացք առած սոյն նաւարկութիւնը, աշխարհի տարբեր հայկական գաղթօճախներէ անցնելէ ետք 6 Օգոստոսի երեկոյեան հասած էր Լիբանան, ուր ազգային խանդավառ դիմաւորութեան արժանացած էր, գլխաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի:
Նաւաստիները ընդունելով, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ այս երեւոթը կը նկատէ ուխտագնացութիւն, որ կը բնորոշէ իբրեւ հաւատքով, յոյսով ու ապագայատեսիլ յանձնառութեամբ կատարուած ուխտագնացութիւն: ՙԱյսպէս եղաւ մեր ժողովուրդի պատմութիւնը: Ձեր այս նախաձեռնութիւնը մեր ժողովուրդի ամբողջականութիւնը կը խորհրդանշէ, Հայաստան, Արցախ եւ Ղարաբաղ միացեալ պատկերով: Պատմութիւնը տեսակ-տեսակ բաժանուածութիւններ պարտադրեց մեզի, սակայն մեր կեցուածքով մերժեցինք այդ բոլորը: Այսօր եւս, Հայաստանը Սփիւռքէն հեռացնելու, բաժնելու միտող յայտնի թէ անյայտ աշխատանքներ կը տարուին, սակայն այդ ամէնուն դարձեալ ո՜չ կ’ըսենք, ազգային ու հայրենասիրական մեր ամուր ոգիով ու միասնականութեան անշեղ կեցուածքով՚:
Խօսք առաւ նաեւ նաւաստիներու գլխաւոր ներկայացուցիչ Զօրի Բալայեան, ներկայացնելով այն ուղին ուրկէ նաւեց ՙԱրմենիա՚ն անցնող տարիներու ընթացքին: Ան նաեւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերակատարութեան, զայն իբրեւ խորհրդանիշ ներկայացնելով Հայկական Կիլիկիոյ: Հանդիպման աւարտին, նաւապետը Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց Կիլիկեան դրօշը, յայտնելով որ նաւարկման ամբողջ ընթացքին, այդ դրօշը Հայաստանի դրօշին կողքին ծածանած էր նաւու կայմին վրայ:










All the contents on this site are copyrighted ©.