2011-08-06 13:00:05

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութեան Յայտագիրը Կը Նախատեսէ Միջկրօնական Ու Համամիութենական Երկխօսութիւն։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 22-25 սեպտեմբեր առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Գերմանիա։ Ճամբորդութեան յայտագիրը կը նախատեսէ երեք գլխաւոր նիւթեր. միջկրօնական երկխօսութիւն, համամիութիւն եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դերը գերմանական ընկերութեան մէջ։
Պերլինի մէջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպումներ կ'ունենայ գերմանիոյ քաղաքական իշխանութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ հրեայ թէ մահմետական կրօններու ներկայացուցիչներու հետ։ Էրֆուրտի մէջ, արեւելեան Գերմանիա՝ որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը բողոքական են, Նորին Սրբութիւնը կ'ողջունէ աւետարանական եկեղեցին։ Հուսկ՝ ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը` ֆրիպուրկ իմ Պրէյզկօ, Նորին Սրբութիւնը կը յատկացնէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ զանազան իրադրութիւններուն։ Նշենք որ կաթողիկէները Դաշնակցային Գերմանիոյ մէջ կը հաշուեն աւելի քան 25 միլիոն հաւատացեալ։
Գերմանիա կատարելիք երրորդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիպում կ'ունենայ հրեայ եւ մահմետական ներկայացուցիչներու հետ։ Նոյնպէս տեսակցութիւն կ'ունենայ Դաշնակցային Գերմանիոյ երբեմնի վարչապետ Հելմութ Քոհլին հետ։
Իր կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը կ'արտասանէ 18 ճառեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.