2011-08-06 12:59:53

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Մատրիտի Մէջ Կը Գլխաւորէ Երիտասարդութեան Համաշխարհային 26րդ Օրուան Հանդիսութիւնները։


Առաքելական Ճամբորդութեան Յայտագիրը։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Օգոստոս 18-21 Մատրիտ առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ, գլխաւորելու՝ Երիտասարդութեան համաշխարհային 26րդ օրուան հանդիսութիւնները։ Սրբազան Հայրը Սպանիոյ մայրաքաղաքը իր կեցութեան ընթացքին, հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրին իշխանութիւններուն հետ։
19 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Նորին Սրբութեան հանդիպումը Սպանիոյ թագաւոր՝ Խուան Գարլոսի եւ անոր կողակիցին` Սոֆիա թագուհիին հետ, ապա նաեւ վարչապետ Ռոտրիկէս Ծաբադերոյի հետ։
Մատրիտի առաքելական այս ճամբորդութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ.ին 20-րդ միջազգային ճամբորդութիւնն է։
Ի դէպ՝ Նորին Սրբութիւնը 18 օգոստոսին Մատրիտ կը հասնի, եզրափակելու՝ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը, որը իրեն համար երրորդը կը հանդիսանայ Գերմանիայէն ( 2005ին) եւ Աւստրալիայէն (2008ին) ետք։
18 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9,30ին, Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Չամբինօ օդակայանէն Մատրիտ կը մեկնի ընկերակցութեամբ 30 հոգինոց շքախումբի եւ 50 լրագրողներու։
Սրբազան Հայրը բարի գալուստի արարողութեան ընթացքին կ՝արտասանէ առաջին ճառը որմէ ետք կը մեկնի առաքեալական դեսպանատուն։ 19.15ին Նորին Սրբութիւնը ընկերակցութեամբ 5 ցամաքամասերը ներկայացնող երիտասարդներուն, մուտք կը գործէ Սիբելես կոչուած հրապարակը, սկիզբ տալով՝ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան հանդիսութեանց, եւ որուն ընթացքին ճառ մը նախատեսուած է։
19 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 10. տեսակցութիւն կ'ունենայ Սպանիայի թագաւորին ու թագուհիին հետ արքայական Զարզուելա պալատին մէջ։ Ապա կ'ուղղուի արքայական աբբայարանը ուր հանդիպում կ'ունենայ սպանացի երիտասարդ վանականներու հետ եւ անոնց ճառ մը կ'ուղղէ։ Կէսօրին առաքելական դեսպանատան մէջ կը ճաշէ խումբ մը երիտասարդներու ընկերակցութեամբ։
Յետմիջօրէին հանդիպում կ'ունենայ նախարարապետ Ծաբադերոյի հետ։ Իսկ երեկոյեան իր ճառը կ'արտասնէ ճաննապարհ խաչի աղօթքի ընթացքին։ Ճանապարհը խաչի 14 ամէն մէկ կայանի ընթացքին նախատեսուած է պատկերացոլացումը Սպանիայի մարզերու։
20 օգոստոս, առաւօտեան ժամը 9ին, Նորին Սրբութիւնը խոստովատան կը նստի խումբ մը երիտասարդներու ապաշխարութեան խորհրուրդը մատակարարելու, այս առաջին անգամն է որ նման նախաձեռնութիւն մը կը կազմակերպուի Երւտասարդութեան օրուան շրջանակէն ներս։ Ժամը 10-ին Ալմուտենա մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցէ եւ կը քարոզէ աշխարհի բոլոր ժառանգաւորներու։
Յետմիջօրէին նախատեսուած է հանդիպում երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան բոլոր կազմակերպիչներու հետ։ Երեկոյեան կ'այցելէ ս. Յովսէփի նուիրուած անկարներու կեդրոնը։ ժամը 20,30ին Գուարդօ Վենդոս կոչուած օդակայանին մէջ հանդիպում կ'ունենայ աշխարհի չորս ծագերէն եկած երիտասարներու հետ եւ անոնց կ'ուղղէ իր հայրական պատգամը։
Յաջորդ օրը, 21 օգստոս, նոյն վայրին մէջ Նորին Սրբութիւնը եզրափակիչ պատարագ կը մատուցէ եւ որուն կը յաջորդէ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, աւարտին` պիտի յայտարարէ 2013ին երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան կայանալիք վայրը։
կարտինալներու հետ ճաշելէ ետք, առաքելական դեսպանատան մէջ, ժամը 5,30ին հանդիպում կ'ունենայ կամաւորներու հետ։ Իսկ 18.30ին՝ ողջերթի արարողութենէն ետք կը մեկնի դէպի Հռոմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.