2011-08-06 13:02:18

Թրայան Հրիսթէա՝ Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Նոր Ղեկավար։


Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Քեթրին Էշթըն յայտարարեց, թէ 25 երկիրներու մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւններու ղեկավարները նշանակուած են:
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան նոր ղեկավար նշանակուած է Թրայան Հրիսթէա: Նշանակուած է նաեւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարը Թուրքիոյ մէջ` ֆրանսացի Ժան Մորիս Ռիփեր: Պատուիրակութիւններու նոր նշանակուած ղեկավարներէն 16-ը կը ներկայացնեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դիւանագիտական ծառայութիւնները, 7-ը` Արտաքին քաղաքականութեան եւրոպական ծառայութիւնը եւ 2-ը` Եւրոպական յանձնաժողովը:
Համապատասխան թեկնածութիւնները վաւերացուած են ընդունող երկիրներու համաձայնութիւնը ստանալէն ետք:








All the contents on this site are copyrighted ©.