2011-08-06 13:02:33

Գերապայծառ Ժան Լաֆիթ Գիրք Մը Կը Հրապարակէ Նշանտուքի Մասին։


Ընտանիքի համաշխարհային օրաուան հանդիպումէն մէկ տարի առաջ, որ տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Միլանօ քաղաքը յառաջիկայ տարի՝ 2012-ի 30 մայիսէն մինչեւ 3 յունիս, ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը` գերապայծառ Ժան Լաֆիթ կը հրապարակէ գիրք մը նշանտուքի մասին ''ընտանիքի ընտրութիւնը'' վերտառութեամբ։ ֆրանսացի եկեղեցականը կը դիմագրաւէ դրական հարցեր ինչպէս. կենակցութիւնը ամուսնութենէն առաջ, ողջախոհութիւնը, իշխանութեան հարցը եւ արգելքը՝ սուրբ հաղորդութիւնը` ՜՜Կենաց Հացը՝՝ առնելու, բաժնուած եւ ապա ամուսնացած զոյգերուն։
Նշենք որ գերապայծառ Ժան Լաֆիթի այս հրատարակութիւնը կը ներկայանայ որպէս մեծարանք երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին` հիմնադիրը ''Յովհաննէս Պօղոս Բ. ընտանիքի հաստատութեան'' եւ հեղինակը շուրջ 129 խորհրդածութիւններուն մարդկային սիրոյ մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.