2011-08-06 13:01:36

Գահակալութիւն Հայաստանի Եւ Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդ' Արհի. Ռաֆաէլ Արք. Մինասեանին Հայաստանի Մէջ։


Կիրակի 7 օգոստոս 2011-ին Գիւմրիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ' Արհի. Ռաֆաէլ արք. Մինասեանի գահակալութիւնը. այս առթիւ ուրբաթ 5 օգոստոսին, Պէյրութէն Երեւան մեկնեցան պատուիրակութիւն մը, որ ընկերացաւ արհի. հայր Ռաֆաէլ արք. Մինասեանին, կատարելու հանդիսաւոր կերպով գահակալութիւնը։
Յիշեցնենք որ՝ Արհի. Ռաֆաէլ արք. Մինասեանի եպիսկոպոսական օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարուեցաւ Պէյրութի մէջ, Հայրապետական Ս. Պատարգի ընթացքին զոր մատոյց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը. ներկայ էին հայ կաթողիկէ եւ քոյր համայնքներու բարձրաստիճան եկեղեցականներ, Ս. Աթոռէն ներկայացուցչութիւն մը, քաղաքական անձնաւորութիւններ, կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.