2011-08-06 13:01:58

Աւստարլիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցին Կը Քաջալերէ Իր Հաւատացեալները Հրապարակաւ Հռչակելու Իրենց Քրիստոնէական Հաւատքը։


Աուստալիոյ կառավարութիւնը նախաձեռնած է մարդահամար մը կատարել 9 օգոստոսին, այդ առթիւ Աւստարլիոյ կաթողիկէ եկեղեցին կը քաջալերէ իր հաւատացեալները, որ իրենց ինքնութիւնը ցոյց տան այդ մարդահամարին ընթացքին։ Թէեւ հարցը ինքնին ստիպողական չէ կը հաստատէ գերապայծառ Ժիւլեան Բորդուս սակայն այս մարդահամարը բարեպատեհ առիթ մըն է յայտնելու՝ մեր ինքնութիւնը, հռչակելու մեր կաթողիկէ հաւատքը եւ հաստատելու մեր հաւատքին կարեւորութիւնը մեր կեանքին ու ինքնութեան մէջ։
Նշենք որ ըստ 2006ի մարդահամարի տուեալներուն Աւստրալիոյ բնակչութեան 63,9 տոկոսը քրիստնեայ են, որոնցմէ 27 առ հարիւրը կաթողիկէ. 18,7 առ հարիւը անկրօն են։
2006ի տեղի ունեցած մարդահամարին՝ բնակչութեան 11,2 առ հարիւրը չեն պատասխանած կրօնքի հայող հարցումին։ Աւստրալիոյ եպիսկոպոսներու գնահատումով մարդահամարը իշխանութեան հարց է։ Ամէն հասարակութիւն, իր թիւին համաձայն, կարող է իր ազդեցութիւնը բանեցնել իշխանութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.