2011-08-06 13:00:37

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ժԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Հայրապետական Կոնդակով Երուսաղէմի եւ Ամմանի Եքզարք Կը Նշանակէ Գերյ. Հ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քէլէկեանը ։


Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Հայրապետական կոնդակին մէջ գրած է.
Սիրեցեալ Որդի ի Քրիստոս,
Երուսաղէմի եւ Ամմանի Եքզարքութեան պաշտօնը թափուր մնալով Գերապայծառ Հայր Ռափայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մինասեանի անուանումով որպէս Առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդութեան, քեզ կ՚անուանենք Պատրիարքական Եքզարք Երուսաղէմի եւ Ամմանի Եքզարքութեան, որպէսզի մեր անունով զայն կառավարես։
Սոյն Հայրապետական Կոնդակով, քեզի կը շնորհենք Թագադիր Ծայրագոյն Վարդապետի տիտղոսը, եպիսկոպոսական միտրն ու գաւազանը գործածելու իրաւունքով, որքան ատեն որ այս պաշտօնին վրայ կը գտնուիս։
Լիայոյս ենք, թէ քու ժողովրդապետական երկար տարիներու փորձառութեամբդ պիտի ըլլաս ճշմարիտ հովիւ հոգիներուն Երուսաղէմի եւ Ամմանի, հսկող աչք՝ անոնց հոգեկան կարիքներուն. ընտանիքներուն այցելութիւնը, հիւանդներուն ու թշուառներուն հոգատարութիւնը եւ ամբողջ ծուխը պահելով եկեղեցւոյ շուրջ։
Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Ամենակալն Աստուած, որ քեզի պարգեւէ բարի հովիւի եռանդը եւ իմաստութիւնը, որպէսզի լաւագոյնս կառավարես քեզի յանձնուած գաղութը՝ փնտռելով միշտ Աստուծոյ փառքը եւ հաւատացեալներու բարիքը։
Ողջ լեր ի Տէր, զօրացեալ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն. Ամէն։
Հայրական օրհնութեամբ՝
+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն
Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Տուեալ Ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն ի Զմմառ 3 Օգոստոս 2011-ին








All the contents on this site are copyrighted ©.